Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Հետաքրքրուած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Բարեփոխումներու Փորձով

July 10, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Իսա Ալ Զաապին, որ կ՛աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը յայտնէ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հետաքրքրուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զարգացման ու բարեփոխումներու փորձով:

«Յոյս ունինք, որ յառաջիկային մեր երկիրը ալ աւելի հետաքրքրական կը դառնայ ձեր երկրի պիզնեսին համար` ներդրումային տարբեր նախագիծեր կեանքի կոչելու նպատակով», ըսած է վարչապետը` առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման առումով կարեւոր նկատելով միջկառավարական տնտեսական յանձնախումբի աշխուժ գործունէութիւնը, որուն անդրանիկ նիստը տեղի ունեցած է նախորդ տարուան աշնան` Երեւանի մէջ: Վարչապետը շեշտած է երկկողմանի քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու փաստը եւ շնորհակալութիւն յայտնած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցով հաւասարակշռուած դիրքորոշում ցուցաբերելու համար:

Վարչապետը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութեան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան համար:

Իր կարգին, դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Փաշինեանին եւ Հայաստանի կառավարութեան սերտ համագործակցութեան համար եւ աւելցուցած, որ հետագայ գործունէութեան ընթացքին ալ պիտի շարունակէ ջերմ կապեր պահպանել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին հետ:

Դեսպանը հաստատած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պիտի շարունակեն Հայաստանի մէջ բարեգործական ծրագիրներու  իրականացումն ու անոնց ընդլայնումը:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէն Յատուկ Օրակարգով Քաղաքական Հանդիպումներ Նախաձեռնած Է Կիպրոսի Քաղաքական Կուսակցութիւններուն Հետ

Յաջորդը

Ակնարկ. Պարտադիր Արեւելումներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.