Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԸԼԸՃՏԱՐՕՂԼՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԶԻՆՔ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻՈՒԹԵՆԷՆ ԶՐԿԵԼ

January 14, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քեմալ Քըլըճտարօղլու

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ ինք չի վախնար երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը կորսնցնելէն:

Նշենք, որ Պոլսոյ շրջանային դատախազութիւնը երկուշաբթի օր Թուրքիոյ խորհրդարանէն պահանջած էր Քըլըճտարօղլուն երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն զրկել: Ան կը մեղադրուի Թուրքիոյ մէջ 2010-ին զինուորական յեղաշրջում նախապատրաստելու առնչութեամբ տեղի ունեցող հետաքննութեան վրայ ազդելու յանցանքով:

«Զիս կը մեղադրեն դատական հոլովոյթին միջամտելու փորձի համար: Անոնց արդար դատարանը այն է, որ չհրապարակուած գիրքը յանցագործութիւն կը նկատէ եւ կը ձերբակալէ անվճար ուսանիլ ուզող ուսանողները: Ես անձեռնմխելիութեան կարիք չունիմ: Նիստէն ետք ես անձամբ դիմում պիտի ուղարկեմ խորհրդարանի ընդհանուր ժողովին: Անոնք, որոնք յանուն ժողովուրդի հանդէս կու գան, վախ չունին: Եթէ դուք կ՛ուզէք Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հետ հաշուեյարդար տեսնել, զիս անձեռնմխելիութենէն զրկեցէք», ըսած է ան:

Քըլըճտարօղլու աւելցուցած է, որ չի վախնար դատարաններէն եւ դատախազներէն: «Եթէ զիս նոյնիսկ կախաղան ուղարկէք, պիտի ըսեմ այն, ինչ գիտեմ», ընդգծած է ան:

Վերոնշեալ յեղաշրջումը «բացայայտած էր» «Թարաֆ» օրաթերթը: Ըստ թրքական օրաթերթի տուեալներուն, Թուրքիոյ զինեալ ուժերը 2010-ին մշակած էին «Պալիոզ» անունը կրող ծրագիր մը, որուն նպատակը հասարակութեան մէջ քաոսային իրադրութիւն ստեղծելով` երկրին կառավարութիւնը տապալել էր:

Ըստ ծրագիրին, Պոլսոյ Ֆաթիհ եւ Պայազիտ մզկիթներուն մօտ պայթումներ պէտք է տեղի ունենային, ապա` յարձակում Թուրքիոյ զինուորական թանգարանին վրայ, որմէ ետք թրքական բանակը պէտք էր տապալէր կառավարութիւնը:

Ըստ «Թարաֆ»-ին, 2002-2003 թուականներուն մշակուած ծրագիրին տակ դրուած էր Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի նախկին պետ Չեթին Տողանի ստորագրութիւնը: Յեղաշրջումէն ետք երկրին մէջ նաեւ զանգուածային ձերբակալութիւններ պէտք է սկսէին:

 

Նախորդը

ՀՈՆԿ ՔՈՆԿԻ ՄԷՋ ԱՂԲԻ ՀԱՄԱՐ ՏՈՒՐՔ ՊԻՏԻ ԳԱՆՁՈՒԻ

Յաջորդը

ԵՈՐՔԻ ԴՔՍՈՒՀԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ 22 ՏԱՐԻ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.