Հայկական մարզական լրատուամիջոցներէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 20 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ ճատրակի համահայկական առցանց մրցաշարք մը:
Նշուեցաւ, որ Երեւանի ժամանակացոյցով՝ ժամը 20։20-ին սկսելիք այս մրցաշարքը պիտի տեւէ երկու ժամ, ընդգրկելով մրցակիցներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:
Կ՛ակնկալուի, որ մրցաշարքին մասնակցին մեծ թիւով կրանտմասթըր-ներ:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է՝ 15 յուլիս:
Մրցանակակիրները պիտի ստանան տարբեր տեսակի պարգեւներ:



