Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըթթի Եւ Տի Մայօ Ընդգծեցին Լիբանանի Կայունութեան Կարեւորութիւնը

July 7, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տի Մայոյի հետ:

Հանդիպումը որակուեցաւ կարեւոր եւ դրական. Տի Մայօ հաստատեց, թէ Իտալիա յանձնառու կը մնայ զօրակցելու Լիբանանին, որ կը դիմագրաւէ տնտեսական վտանգաւոր տագնապ մը, որուն պատճառով լիբանանցիները լուրջ եւ մեծ վտանգներու դիմաց կը գտնուին:

Տի Մայօ ընդգծեց, որ Իտալիա կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճման:

Ան շեշտեց նաեւ, որ Իտալիա կ՛ողջունէ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան կողմէ բարեկարգումներ գործադրելու ջանքերը, որովհետեւ ատիկա հիմնական նախապայմանն է տապալելու ներկայ դժուարութիւններն ու աշխուժացնելու տնտեսութիւնը` անսալով լիբանանցի ժողովուրդին ձգտումներուն:

Տի Մայօ հաստատեց, որ Իտալիա յանձնառու կը մնայ 2018-ին, Հռոմի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի խոստացուած բոլոր օժանդակութիւնները կատարելու: «Իտալիա նախանձախնդիր կը մնայ ծառայելու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` նկատի ունենալով, որ անոնց մէջ իտալական զօրամասը ամէնէն մեծն է թիւով եւ հիմնական դերակատարութիւն ունի ապահովական կայունութեան պահպանումին մէջ», յայտնեց ան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Պաղեստինեան հարցն ու Սուրիոյ տագնապը:

Նշենք, որ Հըթթի հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահերի եւ իտալացի պատասխանատուներու հետ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Կը նախատեսուի, որ Հըթթի հանդիպումներ ունենայ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Լորենզօ Կորինիի, Իտալիոյ մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններու, իտալացի քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ  Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Փոլ Ռիչըրտ Կալակըրի եւ Արեւելքի եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ կարտինալ Սանտրիի հետ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Աքր. «Եթէ Խորհրդարանը Փափաքի Կառավարութեան Շնորհած Իր Վստահութեան Քուէն Յետս Կոչել, Իր Իրաւունքն Է, Սակայն Մենք Կը Շարունակենք Գործել»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.