Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Քանաանէն Ստացաւ Ելեւմտական Հարցերու Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Յանձնախումբին Տեղեկագիրը

July 1, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը` ներկայութեան երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի:

Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Պըրրիի յանձնած է  ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ քննարկած ապագային որդեգրուելիք քայլերը:

Ան շեշտեց, որ ինք այսօր հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի բացատրէ տեղեկագիրը, որպէսզի ան յստակ ըլլայ բոլորին համար:

«Մենք պարկեշտ կերպով աշխատած ենք, եւ մեր նպատակը դրամատուներուն մէջ անխտիր բոլոր հաշիւ ունեցողներուն գումարները պաշտպանել է», հաստատեց Քանաան` աւելցնելով, որ այսօրուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին բոլոր տուեալները, թիւերն ու ենթահողերը պիտի ներկայացուին:

Միւս կողմէ, Պըրրի նախագահեց Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ելեւմտական, յատկապէս նկատի ունենալով Սուրիոյ պարտադրուած «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցն ու Լիբանանի վրայ այս քայլին ունենալիք հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումին յատուկ կազմակերպական հարցեր:

Պըրրի շեշտեց, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը կ՛ենթադրէ, որ կառավարութիւնը, Կեդրոնական դրամատունն ու Դրամատուներու միութիւնը երկրին մէջ ելեւմտական արտակարգ իրավիճակ յայտարարեն եւ վերատեսութեան ենթարկեն բոլոր այն միջոցները, զորս որդեգրած են` պաշտպանելու համար լիբանանեան դրամանիշը:

«Ո՛վ որ կը հաւատայ, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտը կամ միջազգային որեւէ օժանդակող երկիր կամ կազմակերպութիւն Լիբանանին պիտի օգնեն մէկ ղրուշով իսկ, եթէ Լիբանան բարեկարգումներ չկատարէ` սկսելով ելեկտրականութեան մարզէն, հասնելով մինչեւ քաղաքացիական անվտանգութեան պաշտպանութեան:

Պըրրի ընդգծեց, որ «Սիզըր» պատժամիջոցին մասին իրենց կեցուածքը կը բնորոշուի Սուրիոյ հաւատարիմ դաշնակիցը մնալու կեցուածքով, որովհետեւ Սուրիա` իբրեւ մեր դաշնակիցը, իր կարգին մնայուն կերպով զօրակցած է մեզի:

 

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Պահանջեց Երկուստեք Գործադրել Վիեննայի Համաձայնագիրը` Ընդգծելով, Թէ Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը Կարմիր Գիծ Է

Յաջորդը

Պրիւքսելի Դ. Խորհրդաժողովին. «Լիբանանը Պէտք Է Զերծ Կացուցել Սուրիացիներուն Դէմ Որդեգրուելիք Պատժամիջոցներուն Հետեւանքներէն, Յատկապէս` «Սիզըր» Ամերիկեան Պատժամիջոցին» Շեշտեց Վարչապետ Տիապ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.