Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Իսլամական Պատգամի Սկաուտական Միութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

June 26, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Իսլամական պատգամի սկաուտական միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին միութեան ընդհանուր խմբապետի տեղակալ Հիւսէյն Աժամի եւ ընդհանուր խմբապետութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ սկաուտական շարժումներուն իրավիճակը եւ ներկայ տագնապին պատճառով անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց լիբանանեան սկաուտական միութիւններուն կողմէ միացեալ տեսակէտ մը ներկայացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ սկաուտական աշխատանքը վերականգնել` սկաուտական շարժումներուն մասնակցողներուն առողջապահական պայմաններ ապահովելով:

Պատուիրակութիւնը ներկայացուց սկաուտական այն ծրագիրները, որոնք կը գործադրուին կրթական, սկաուտական, ընկերային եւ առողջապահական իմաստով:

Հիւսէյն Աժամի ներկայացուց նաեւ ծրագիր մը, որուն մէջ նշուեցան «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարի ժամանակաշրջանին Իսլամական պատգամի սկաուտական միութեան իրագործած աշխատանքները` նախազգուշական, հականեխումի թէ աշակերտներուն կրթութեան հսկելու վերաբերեալ:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց երիտասարդներուն մասնակցութիւնը ապահովող շարժումներուն կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոնք հիմնական դերակատարութիւն կրնան ունենալ` երկիրը իր դիմագրաւած տագնապէն փրկելու իմաստով:

Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդութեան նախարարին եւ անոր զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ցուցաբերած զօրակցութեան` Լիբանանի մէջ երիտասարդական աշխատանքներուն եւ սկաուտական շարժումներուն նկատմամբ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Լումայափոխներուն Մօտ Մեկնարկը Կը Կատարէ Ելեկտրոնային Հարթակին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.