Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ս. Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Հարցը Թուրք Ժողովուրդին Որոշելիքն Է, Աթէնք Չի Կրնար Մեզի Հրամաններ Տալ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

June 25, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու գերմանական «Սիւտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, թէ Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու հարցը պէտք է թուրք ժողովուրդը որոշէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Ատիկա գերիշխանութեան հարց է: Աթէնք չի կրնար մեզի հրամաններ տալ, մենք ալ չենք ըսեր բան մը, որուն պատասխանը չունինք», յայտարարած է Չաւուշօղլու:

Ան նշած է, թէ ինք զարմացած է այդ հարցով Յունաստանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերէն:

«Յոյները այնպիսի ձեւով կը միջամտեն, կարծես Կոստանդնուպոլիսն ու Ս. Սոֆիա տաճարը իրենց տարածքին մէջ կը գտնուի», նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Չաւուշօղլու յիշեցուցած է, որ Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթ դարձած էր 1453 թուականին` սուլթան Մեհմետ Նուաճողի կամքով:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր օգնականներուն յանձնարարած է Ս. Սոֆիա տաճարը թանգարանէ մզկիթի կարգավիճակի վերափոխելու մասին բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն կատարել:

Ս. Սոֆիա տաճարը բիւզանդական ճարտարապետութեան յուշակոթող է: Անիկա կառուցուած է 532-537 թուականներուն` Եուսթինիանոս կայսեր կողմէ, որ որոշած էր այս տաճարով յաւերժացնել Կոստանդնուպոլսոյ փառքը:

1985 թուականին տաճարը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

 

Նախորդը

«Չինաստանի Հետ Առեւտրական Համաձայնութիւնը Ի Զօրու Է, Եւ Կը Յուսանք, Որ Յանձնառու Մնայ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

Սուրիոյ Բանակը Քանի Մը Շրջաններու Մէջ Ետ Մղած Է Իր Դիրքերուն Դէմ Օդային Հարուածները

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.