Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Նախագահութիւնը Լիբանանցի Ղեկավարները Հրաւիրեց Ազգային Հանդիպումի Մը` 25 Յունիսին

June 19, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Պաապտայի մէջ 25 յունիսին տեղի ունենալիք ազգային հանդիպումին համար ճշդած է յստակ նպատակներ, որոնք են` քննարկել երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները եւ ճիգ չխնայել` ամէն իմաստով խաղաղ պահելու Լիբանանը եւ պաշտպանելու քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:

Նախագահական պալատին համաձայն, այս նպատակը ճշդուած է կանխարգիլելու համար Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք այնպիսի թուլութիւն մը, որ երկրին համար քանդիչ պիտի ըլլայ, յատկապէս տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային այս արտասովոր պայմաններուն մէջ:

Հանրապետութեան նախագահութիւնը Ազգային այս հանդիպումին հրաւիրեց շարք մը լիբանանցի ղեկավարներ, որոնք են` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Հասսան Տիապ, հանրապետութեան նախկին նախագահներ, նախկին վարչապետներ, խորհրդարանի փոխնախագահ, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններու եւ պլոքներու նախագահներ:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ճիգ չի խնայեր, որ բոլոր հրաւիրեալները մասնակցին Պաապտայի մէջ կայանալիք ազգային հանդիպումին, սակայն որոշ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ նախկին վարչապետները կը մերժեն մասնակցիլ այդ հանդիպումին:

Արդարեւ, նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատեց, որ ինք կը մերժէ մասնակցիլ ցուցադրական հանդիպումի մը, որուն ընթացքին իսկական որոշումներ պիտի չտրուին:

Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք ինչի՞ մասին երկխօսութիւն պիտի կատարուի` հաստատելով, որ եթէ երկիրը փրկելու գծով գործնական քայլեր չառնուին, ապա երկխօսութիւնը ապարդիւն է:

Իր կարգին, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ պարզապէս հանդիպումի մը համար կատարուելիք երկխօսութիւնը օգտակար չէ, ընդհակառակն` անիկա վնասակար է, որովհետեւ անիկա աւելի եւս պիտի յուսալքէ լիբանանցիները:

Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան շահ չունի իրեն բարեկամ երկրի մը դէմ պայքարելու: «Այս ժամանակը կ՛ենթադրէ բոլոր երկիրներուն նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն վարել, ինչպէս նաեւ կառչած մնալ ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան», շեշտեց ան:

Նշենք, թէ Մուսթաքպալ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ անցեալ երեքշաբթի երեկոյեան չորս նախկին վարչապետներուն կողմէ հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը կարելի է նկատել նախագահ Աունի յղած հրաւէրին պատասխանը:

 

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ Հանդիպումներ Ունեցաւ Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.