Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրողութիւն

June 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Կ՛ապրինք ճգնաժամային տաժանելի օրեր:

Համակ մարդկութիւնը կ՛ապրի դժուար օրեր:

Եթէ 20-րդ դարը տեսաւ Համաշխարհային Ա. եւ Բ.  պատերազմներ, ապա 21-րդ դարը այսօր կը տեսնէ պատերազմէ անդին, մետաղեայ զինուժէ անդին, պայթող ռումբերէ ու արձակուող փամփուշտներէ անդին, նահատակուող զինուորներէ անդին, յաղթանակ երազող հակամարտող ուժերէ անդին համաշխարհային եղելութիւն մը: Եղելութիւն մը, որ  յետադարձ հայեացք մը նետել կու տայ 1918-ի 15 ամիսներու վրայ երկարող եւ 50 միլիոն մահ պատճառած Սպանական տենդախառն հարբուխի համաճարակի օրերուն, կամ 1952-ի Լոնտոնի ապականած մառախուղին, որ 5 օրերու ընթացքին շնչահեղձ ըրաւ 12.000 հոգի:

Սակայն այսօրուան համաճարակը տարբեր է:

Կենսաբանական առումով ինչպէ՞ս կը տարբերի այլ հիւանդութիւններէ` ժահրերէ, մասնագիտութիւնս չէ. սակայն 21-րդ դարուն, արհեստագիտութեան եւ գիտութեան զարգացման գագաթնակէտը նկատուող դարուն, բաւական մտահոգիչ է, թէ ինչպէ՞ս տակաւին կարելի եղած չէ հասկնալ այս «հիւր»-ը, որուն անկոչ ըլլալը եւս հարցական է ու տարակուսելի:

Լիբանանը անմասն չմնաց այս հիւրին այցելութենէն: Ասպնջական Լիբանանը առանց այս հիւրին արդէն իսկ կը տառապէր. հիւրընկալ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը (բացառութիւններ կան անշուշտ) արդէն իսկ կը տանջուէր:

Լիբանանցին տանջողը եղբայրասպան պատերազմները չէին միայն, այլ նաեւ անոնց հեղինակները, անոնց մնայուն ներկայութիւնը, որոնք այսօր աշխարհի բոլոր երկիրները կլանած ու կեանքեր խլող համաճարակին նման կը մնան անդարմանելի:

Այսօր որոշ կողմեր կոչ կ՛ուղղեն աշխարհին` համակերպելու այս կացութեան եւ ապրելու այս ժահրին հետ:

Լիբանանցին տարիներէ ի վեր կ՛ապրի այսպիսի ժահրի մը հետ, որուն ստեղծած պայմաններուն ընտելանալը դժուար է, մանաւանդ որ անիկա անցեալի շքեղ Լիբանանը վերածեց այսօրուան տժգոյն Լիբանանին, որուն ախտանշաններուն ծանօթ ենք բոլորս, համայն աշխարհը:

Այս համաճարակին ստեղծելիք նոր աշխարհին պատկերը տակաւին կը մնայ աղօտ, սակայն Լիբանանի ապագան, առանց վերոյիշեալներու դարմանման, թուաբանական օրէնքներու նման, հեռու կը մնայ ականակիտ ըլլալէ:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հրաման տուէք, որ կատարենք»

Յաջորդը

1985, «Գիմ» Եւ Գայլ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.