Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան-Ֆրանսական Բարեկամութեան Յանձնախումբը Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Հարցերը

June 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններ:

Յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ քննարկուած են նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը` տնտեսական այս ճնշող պայմաններուն ներքեւ:

Ապի Ռամիա նշեց, որ քննարկուած են նաեւ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքն ու շրջանային փշոտ հարցեր:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի եւ անոր անկախութեան ու գերիշխանութեան պաշտպանութեան իմաստով Ֆրանսայի կեցուածքը կը մնայ անփոփոխ:

Ապի Ռամիա շեշտեց, որ Ֆուշէ ընդգծած է, որ  Լիբանանէն կը պահանջուի «Սետր»-ի խորհրդաժողովին համաձայն բարեկարգումներ կատարել` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու պէտք է մնայ այդ բարեկարգումներուն գործադրութեան, որպէսզի փաստէ, թէ ինք կ՛ընդառաջէ միջազգային ընտանիքին պահանջներուն:

Ապի Ռամիա նշեց, որ Ֆուշէի հետ քննարկած են հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մանրամասնութիւնները` դիտել տալով, որ շրջանային կացութիւնը ճնշումներ կը պարտադրէ, եւ Լիբանանի շուրջ որոշ իրարանցում կայ:

«Ֆուշէ մաղթեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը չվատթարանայ`  աւելցնելով, որ Ֆրանսա առաջնագիծի վրայ պիտի ըլլայ` Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ներկայութիւնը պաշտպանելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանել», ըսաւ Ապի Ռամիա:

Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւնները` հաստատելով, որ Ֆուշէ ընդգծեց, թէ Ֆրանսա լիբանանեան ներքին հարցերուն չի փափաքիր միջամուխ դառնալ` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանան համախոհութեամբ պէտք է ներկայանայ Միջազգային դրամական ֆոնտին, որպէսզի ֆոնտը դրականօրէն վերաբերի Լիբանանի պահանջներուն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Բանակը Թրիփոլիի Մէջ Ձերբակալութիւններ Կը Կատարէ Եւ Ապահովական Խիստ Միջոցառումներ Կ՛որդեգրէ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.