Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Բրիտանիոյ Եւ Նոր Զելանտայի Մէջ Ցոյցեր` «Սեւամորթներուն Կեանքը Կարեւոր է» Կարգախօսով

June 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի-ափրիկեցի Ճորճ Ֆլոյտի եւ Ռիչըրտ Պրուքսի ամերիկեան ոստիկանութեան կողմէ սպանութենէն ետք, եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ սեւամորթներու նկատմամբ ցեղապաշտական մօտեցումներուն դէմ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին` Միացեալ Նահանգներու մէջ ցոյցերուն զուգահեռ:

Գերմանիոյ մէջ ձախակողմեան եւ ֆաշականութեան դէմ եղող տարբեր շարժումներու անդամ 150 ցուցարարներ Պերլինի մէջ մասնակցեցան «Սեւամորթներու կեանքը կարեւոր է» կարգախօսով ցոյցի մը` բարձրացնելով ոստիկանութեան բռնարարքները դատապարտող, ոստիկանութեան վայրագութիւնն ու ցեղային խտրականութիւնը դատապարտող պաստառներ:

Ցոյցին մասնակիցները պահանջեցին յարգել բոլորը եւ արդարութիւն կիրարկել բոլորին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ցեղապաշտութենէն հրաժարիլ:

Նոր Զելանտայի Օքլընտ եւ Ուելինկթըն քաղաքներուն փողոցները եւս ականատես դարձան հազարաւորներու մասնակցութեամբ նոյն կարգախօսով ցոյցերու:

Բրիտանիոյ մէջ ոստիկանութիւնը Լոնտոնի մէջ բուռն ցոյցերու ընթացքին ձերբակալեց աւելի քան հարիւր ցուցարարներ:

Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ աւելի քան տասը հազար ցուցարարներ մասնակցեցան քայլարշաւի մը, որուն ընթացքին ձախակողմեան ցուցարարներու փոքր խումբ մը քարկոծեց ոստիկանութիւնը:

Ցուցարարները կը բացագանչէին «Սեւամորթներուն կեանքը կարեւոր է», «Չկայ արդարութիւն…չկայ խաղաղութիւն» եւ «Տուէք անոր անունը` Ճորճ Ֆլոյտ»:

Նախորդը

«Ամերիկացի Զինուորն«Ամերիկացի Զինուորները Այլեւս Պիտի Չլուծեն Օտար Հակամարտութիւնները» Կ՛ըսէ Թրամփերը Այլեւս Պիտի Չլուծեն Օտար Հակամարտութիւնները» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը Կ՛ողջունէ Լիպիական Տագնապին Վերջ Տալու Նախաձեռնութիւնը Եւ Պայմաններ Կը Ճշդէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շուտով Պիտի Աւարտի»

September 18, 2026
Ըստ «Կարտիըն»-ի.  Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ  Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Կարտիըն»-ի. Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել

September 18, 2026
Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու  Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է
Միջազգային

Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.