Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մինչեւ Խաղաղութեան Հաստատումը Պիտի Շարունակենք Աջակցիլ Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան» Կ՛ըսէ Էրտողան

June 12, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պորել. «Թուրքիա-Լիպիա Համաձայնութիւնը
Կ՛ոտնահարէ Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Գերիշխանութիւնը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անգամ մը եւս իր աջակցութիւնը յայտնած է Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան` Լիպիոյ ազգային բանակին դէմ պայքարին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք պիտի կանգնինք մեր լիպիացի եղբայրներու կողքին, ոչ թէ յեղաշրջում կատարողներու», ըսած է Էրտողան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ան ընդգծած է, թէ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան աջակցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Լիպիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումը:

Միւս կողմէ` Լիպիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատունը զգուշացուց «շարունակուող մագլցումին պատճառով Սերթ քաղաքին մէջ մարդասիրական տագնապի մը յառաջացումէն»:

«Սերթի մէջ մագլցումը պատճառ պիտի դառնայ պառակտումներու, որոնք կրնան շահագործուիլ ծայրայեղականներու կողմէ», աւելցուց դեսպանատունը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել նշեց. «Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ միջեւ կնքուած ծովային համաձայնութիւնը կ՛ոտնահարէ Կիպրոսի եւ Յունաստանի գերիշխանութիւնը. անիկա տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան մագլցում է»:

«Յունական իշխանութիւնները պահանջեցին իրենց գերիշխանութեան նկատմամբ թրքական ոտնձգութիւններու հարցը նկատել եւրոպական յառաջիկայ վեհաժողովի հարցերուն առաջինը», նշեց ան:

«Կիպրոսի եւ Յունաստանի պատկանող տնտեսական շրջանին մէջ հորատման աշխատանքներուն պատճառով կրնան Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատուիլ», յայտնեց Պորել:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան` Ռուսիոյ Նախագահին. «Մեր Ռազմավարական Համագործակցութեան Հիմքը Վստահութիւնն Է»

Յաջորդը

Պաղեստինի Վարչապետը Կը Սպառնայ 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինի Պետութիւն Հռչակել

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.