Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցուցարարները Նոր Պահանջներ Կը Ներկայացնեն. Թրամփ Կը Հրաժարի Այս Հարցին Մէջ Բանակը Օգտագործելու Գաղափարէն

June 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըրի միջեւ գումարուած ժողովէն ետք յաւելեալ ապահովական ուժեր տեղակայուեցան Սպիտակ տան մօտ:

«Մայատին»¬ի Ուաշինկթընի լրագրողը յայտնեց, թէ սպիտակամորթ ցուցարարներուն թիւը կը գերազանցէ սեւամորթներունը: Ան նաեւ նշեց, որ ցուցարարները նոր պահանջ ներկայացուցած են` կոչ ուղղելով ոստիկաններուն` վերապատրաստուելու:

Մինչ այդ, Ծերակոյտը որդեգրեց նոր օրէնք մը` «Քորոնա» ժահրէն վնասուածներուն օժանդակելու համար: Ըստ «Մայատին»¬ի լրագրողին, ատիկա որդեգրուած է փողոցի ճնշման տակ` նկատի ունենալով, որ այդպիսի օրէնքի մը որդեգրումը ցոյցերէն առաջ ամբողջովին մերժուած էր:

Միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ետդարձ կատարեց երկրին տարածքին տեղի ունեցող ցոյցերուն դէմ բանակը օգտագործելու մասին նախապէս կատարած իր յայտարարութիւններէն:

Սպիտակ տան ղեկավարը «Նիւուզմաքս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ, իր կարծիքով,  «ըմբոստութեան» դէմ դնելու համար բանակին պէտք պիտի չունենայ:

Սպիտակ տան բանբեր Քայլի Մաքնանի դիտել տուաւ, որ Ճորճ Ֆլոյտ ապօրինի կերպով սպաննուած է: Ան աւելցուց, որ ըմբոստութեան վերջ տալու օրէնքի գործադրութիւնը նախագահին լիազօրութիւնն է, եւ Թրամփ հարկ ըլլալու պարագային պիտի օգտագործէ զայն:

Սպիտակ Տան բանբերը նաեւ նշեց, որ Մարք Սփենսըր կը շարունակէ պաշտպանութեան նախարար մնալ, եւ եթէ Թրամփ անոր նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցնէ, ապա այդ մասին պիտի յայտարարուի:

Յիշեցնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր մէկ օր առաջ յայտնած էր. «Ցեղային խտրութիւնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ գոյութիւն ունեցող երեւոյթ ու իրականութիւն է, եւ պէտք է աշխատանք տանիլ անկէ ձերբազատելու»:

«Մենք անկարգութիւններուն դէմ եւ խաղաղ ցոյցերուն հետ ենք, եւ չեմ աջակցիր բանակը ներկայ փուլին նահանգներուն մէջ տեղակայելուն, որովհետեւ ատոր կարիքը չկայ: Մենք չենք ուզեր փողոցները, քաղաքներն ու նահանգները ռազմականացնել», նշած էր Էսփըր:

Մինեսոթա նահանգի ընդհանուր դատախազը Ճորճ Ֆլոյտը սպաննած ոստիկանը ամբաստանեց երկրորդ կարգի մարդասպանութեամբ: Ան կրնայ մինչեւ 40 տարի բանտարկուիլ: Դատախազը նաեւ դէպքին ներկայ երեք ոստիկանները ամբաստանեց սպանութեան օժանդակելու եւ սպանութեան դրդելու մէջ:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ իրանցիները կը զօրակցին ամերիկացի ժողովուրդին եւ բուռն կերպով քննադատեց «այդ ցոյցերուն նկատմամբ Սպիտակ տան վերաբերումը»:

Ռուհանի նաեւ դատապարտեց «Սպիտակ տան հրամանով ամերիկացի ժողովուրդին դէմ գործուող ոճիրները»` նշելով. «Սպիտակ տան ղեկավարները պատճառ դարձան, որ Ամերիկան պատմութեան մէջ իր յոռեգոյն քաղաքական ու ընկերային օրերը ապրի»:

Ան յայտնեց, որ սեւամորթներն ու գաղթականները Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծ անիրաւութեան կ՛ենթարկուին, եւ անոնք, որոնք Սպիտակ տան ներքին քաղաքականութիւնը կը մերժեն,  քաղաքական տեսակէտէ անիրաւութեան կ՛ենթարկուին:

«Ամերիկեան ոստիկանութեան կողմէ սպաննուած Ճորճ Ֆլոյտը վերածուեցաւ համաշխարհային երեւոյթի մը, որ աշխարհը յուզեց, որովհետեւ անիրաւաբար սպաննուեցաւ», ըսաւ Իրանի նախագահը` աւելցնելով. «Մեզ չի հետաքրքրեր, թէ Ֆլոյտ իսլամ էր, թէ` քրիստոնեայ, ամերիկացի կամ ոչ ամերիկացի, սակայն զինք վայրագօրէն սպաննելը փաստեց, որ Ամերիկան մարգարէներուն կոչ ուղղած քաղաքակրթութենէն շատ հեռու է»:

«Աւետարանը, զոր Թրամփ վերցուց, երկնային Սուրբ գիրք է, որ կոչ կ՛ուղղէ խաղաղութեան եւ անմեղներու սպանութիւն չի հրամայեր: Ամօթալի է, որ Աւետարանը կը բարձրացնէ անձ մը, որ կը հրամայէ իր ժողովուրդը սպաննել: Թրամփի Աւետարան վերցնելը կը բարկացնէ աբրահամեան բոլոր կրօններու հետեւորդները», նշեց Ռուհանի:

 

Նախորդը

Մինչ Բուռն Բախումները Կը Շարունակուին. Հաֆթար Կ՛այցելէ Գահիրէ, Իսկ Սարաժ` Անգարա

Յաջորդը

Տիեկօ Քոսթա 540 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.