Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռաշիտ Քարամէի Սպանութիւնը Գործուեցաւ Լիբանանի Միասնականութիւնը Թիրախ Դարձնող Ծրագիրի Շրջագիծին Մէջ» Շեշտեց Ֆայսալ Քարամէ

June 1, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ երէկ Թրիփոլիի իր գրասենեակին մէջ արտասանեց խօսք մը` նուիրուած իր հօրեղբօր, նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 33-ամեակին:

Ան հաստատեց, որ Ռաշիտ Քարամէ ապրած է եւ նահատակուած` ի խնդիր Լիբանանին:

«Զարմանալին այն է, որ այսօր լիբանանցիները վերադարձած են դաշնակցային պետութեան յանկերգին, առանց ըմբռնելու այն իրողութիւնը, թէ անիկա անվերադարձ մեկնած է: Մէկ պետութեան փոխարէն դաշնակցային պետութեան մասին խօսող լիբանանցիները տակաւին չեն հասկցած, որ մէկ պետութեան այլընտրանքը Լիբանանի վերացումն է` իբրեւ պետութիւն եւ գոյացութիւն: Այս պատճառով ստիպուած կը զգամ մէջբերելու 1985-ին Ռաշիտ Քարամէի արտասանած հետեւեալ խօսքը. «Անոնք դժբախտաբար իրենց գրաւը կը դնեն Միացեալ Նահանգներուն կամ սատանային վրայ: Կարելի չէ դաշնակցային պետութեան վերածել Լիբանանը, այլ պէտք է զայն պահել մէկ երկիր` արաբ, ազատ, անկախ եւ գերիշխան», ըսաւ ան:

Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց նաեւ, որ կարելի չէ Թաէֆի համաձայնագիրը ջնջել` աւելցնելով, թէ աւելի ճիշդ է Թաէֆը գործադրել` զայն նկատելով քաղաքական կեանքին, ժողովրդավարութեան եւ Ազգային ուխտի գործադրութեան միակ աղբիւրը, որ կը միացնէ լիբանանցիները եւ անոնց առիթ կու տայ փոխադրուելու դէպի արդի պետութիւն մը, որ կը գոհացնէ միտքը, խիղճը, տրամաբանութիւնն ու նորահաս սերունդները:

Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Ռաշիտ Քարամէն եւ հայրենիքի բոլոր նահատակները դարձեալ սպաննուին:

«Ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի յարկին տակ գործող մէկ եւ անկախ Լիբանանի հանդէպ մեր հաւատքը պիտի չխախտի: Հաւատարիմ պիտի մնանք Ռաշիտի քայլերուն եւ նահատակ Ռաշիտ Քարամէ պիտի մնայ մեզ առաջնորդողն ու ներշնչողը», հաստատեց ան:

Նշենք, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ նահատակ Ռաշիտ Քարամէի յիշատակի օրուան առիթով կը յիշենք պետական այն այրերը, որոնք ազգային սկզբունքներու տէր էին, պետութեան կառչած էին եւ զայն պաշտպանած, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան ու անոր արժէքներուն կը հաւատային, պաշտպանելով արդար դատերը, որոնք այսօր թիւով մեծ են:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Այցելեց Ժոմպլաթի Եւ Ժեմայէլի

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Լումայափոխները Չորեքշաբթի Օր Պիտի Վերսկսին Աշխատանքի» Շեշտեց Մահմուտ Հալաուի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.