Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միեդ Հրապարակած Է Գուրգէն Մարգարեանի Գործով Վճիռը. «Ազրպէյճան Անարդարացիօրէն Ձախողեցուցած Է Ազգային Ատելութեան Հողի Վրայ Կատարուած Սպանութեան Համար Պատիժի Իրագործումը»

May 27, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) հրապարակած է «Մակուչեանն ու Մինասեանը ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ» գործով դատավճիռը, որ կը վերաբերի փետրուար 2004-ին ՕԹԱՆ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրի ծիրին մէջ կազմակերպուած դասընթացքներուն ժամանակ Ազրպէյճանը ներկայացնող յատուկ պատրաստութիւն անցած զինեալ ուժերու սպայ մը Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի դաժան սպանութեան եւ այլ հայ սպայ մը սպաննելու փորձին:

2013 թուականին ՄԻԵԴ-ին ներկայացուած հայցին մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճան, ներում շնորհելով եւ մեծարելով մարդասպանը, խախտած է Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու եւրոպական ուխտի շարք մը կէտեր: Բացի ատկէ, կը նշուի, որ Հունգարիան, ուր ձերբակալուած եւ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Սաֆարով, ուխտի կէտերու խախտում կատարած է, որովհետեւ մարդասպանը իր հայրենիքին արտայանձնելու արտօնութիւն տալով` չէ հետեւած Ազրպէյճանի մէջ Սաֆարովի հետագայ պատիժը կրելու հոլովոյթին:

Այժմ ՄԻԵԴ-ի վճիռին մէջ կը նշուի. «Ազրպէյճան անարդարացիօրէն ձախողեցուցած է ազգային ատելութեան հողի վրայ կատարուած սպանութեան համար իր քաղաքացիին նկատմամբ արտասահմանին մէջ սահմանուած բանտարկութեան պահանջի հետագայ իրագործումը:

«Փոխարէնը հայրենիքին մէջ անոր ներում շնորհուած է, ծառայողական յառաջխաղացում ապահովուած է, շարք մը արտօնութիւններ տրուած են: Սակայն Սաֆարովի ծառայողական յառաջխաղացման եւ այլ արտօնութիւններու տրամադրման համար բաւարար քանակութեամբ իրաւական հիմքեր չեն եղած», նշուած է վճիռի մէջ:

ՄԻԵԴ-ի վճիռին մէջ նաեւ կը նշուի, որ իբրեւ հետեւանք անպատժելիութիւնը անհամատեղելի է Ազրպէյճանի` կեանքի նկատմամբ յարձակումները արդիւնաւէտօրէն կանխարգիլելու վերաբերեալ ստանձնած պարտաւորութեան հետ:

ՄԻԵԴ եզրակացուցած է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու` մարդասպանի անպատժելիութեան յանգեցուցած քայլերը ուղղակի կապ ունին անոր զոհի հայկական ծագումին հետ:

«Սպան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ մեծարուած է ատելութեան հողի վրայ կատարուած ծայրայեղ դաժանութեան համար», կը նշուի վճիռին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Հունգարիոյ, ապա կը նշուի, որ երկիրը որեւէ սխալ չէ գործած երաշխաւորելու, որ ազրպէյճանցին հայրենիք արտայանձնումէն ետք պիտի շարունակէ կրել պատիժը:

«Չկայ որեւէ ապացոյց, որ Հունգարիոյ իշխանութիւնները տեղեակ եղած են, որ Սաֆարովը Ազրպէյճանի մէջ ազատութեան մէջ պիտի յայտնուի», նշուած է վճիռին մէջ:

Կը նշուի, որ հայցաւոր կողմը պահանջած է փոխհատուցել միայն դատական ծախսերը` աւելի քան 15000 սթերլինկ: Դատարանը պահանջը բաւարարած է: Ազրպէյճան պէտք է փոխհատուցումը վճարէ վճիռի հրապարակումէն ետք յաջորդ երեք ամսուան ընթացքին:

 

 

Նախորդը

Գիւմրիի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի Յուշատուն-Թանգարանին

Յաջորդը

ՄԻԵԴ-ի մէջ հայաստանի ներկայացուցիչը մեծ քայլ որակեց գուրգէն մարգարեանի գործով դատարանի վճիռը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.