Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Մերժած Է ԵՏՄ-ի Մէջ Կազի Գինի Գոյացման Շուրջ Լուքաշենքոյի Եւ Փաշինեանի Առաջարկը

May 20, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) ընդհանուր շուկային մէջ կազի տեղափոխման ծառայութիւններու գինի գոյացման խնդիրը կը մնայ օրակարգի հիմնական հարց: «Երկիր»` յղում կատարելով «Ի.Էյ.Տէյլի»-ին, կը հաղորդէ, որ երէկ` Եւրասիական տնտեսական գերագոյն խորհուրդի տեսաժողովի ձեւաչափով նիստին ընթացքին ընդգծած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:

Ըստ անոր, արդէն քանի մը տարիէ ի վեր փոխադարձաբար ընդունելի որոշում չեն գտներ, մինչ հիմնախնդիրին արդիականութիւնը կ՛աճի օրէ օր: «Այսօր մենք պէտք է գտնենք բոլորիս անհրաժեշտ համախոհութիւնը», յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտարարած է, որ ԵՏՄ-ի մէջ կազի տարանցման միասնական սակագին պիտի ճշդուի միայն որոշակի պայմաններու մէջ, որոնք ներկայիս գոյութիւն չունին:

«Ինչ կը վերաբերի մեր հայ եւ պիելոռուս ընկերներուն կողմէ առաջարկուող` կազի տարանցման եւ տեղափոխման ծառայութիւններուն  միասնական սակագինին, մենք կը նկատենք, որ միասնական սակագինը կրնայ իրագործուիլ միայն միասնական շուկայի մէջ` միասնական պիւտճէով եւ միասնական հարկային համակարգով: ԵՏՄ-ի մէջ նման խոր համարկում տակաւին չկայ: Բոլորս ատիկա լաւ գիտենք: Իսկ առայժմ կազի գիները պէտք է ձեւաւորուին շուկայական կցորդական հիման վրայ` հաշուի առնելով ծախսերն ու մատակարարներու ներդրումները, նաեւ ապահովելով արդիւնահանման մէջ ներդրուած դրամագլուխի` հիմնաւորուած չափով եկամուտը: Ատիկա սովորական համաշխարհային գործելաոճ է», նշած է Փութին:

Անոր համաձայն, այսօր Եւրասիական տնտեսական համարկման ռազմավարական ուղղութիւններու զարգացման նախագիծը մինչեւ 2025 թուական ստորագրելուն կը խանգարէ միայն մէկ հարցի մէջ տարակարծութիւնը` կազի տեղափոխման սակագիները:

«Գոյութիւն ունի բանաձեւ, որուն կողմնակից են երեք երկիրներ` Ռուսիան, Ղազախստանը եւ Խըրխըզիստանը: Ատոր էութիւնը այն է, որ կազի գնագոյացման մօտեցումները կարելի է սահմանել աւելի ուշ` ԵԱՀԿ-ի շուկայի ձեւաւորման բանակցութիւններուն ընթացքին: Այդ բանաձեւը տակաւին չեն ընդունիր մեր հայ եւ պիելոռուս գործընկերները, անոնք իրենց տեսակէտը ունին: Եթէ անոնք կարենային համաձայնութիւն տալ ատոր, ապա ռազմավարութեան հաւանութիւն տալու ճամբուն որեւէ խոչընդոտ չէր մնար ընդհանրապէս», ըսած է Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ աւելցուցած է. «Եթէ հայ եւ պիելոռուս բարեկամներու դիրքորոշումը պիտի մնայ անփոփոխ, հաւանաբար, տրամաբանական պիտի ըլլայ ընդհանրապէս բացառել կազի կէտը ռազմավարութեան նախագիծէն, որպէսզի անիկա հաստատուի»: Անոր կարծիքով` «կազի գինի գոյացման մօտեցումներուն քննարկումը կարելի է շարունակել անդամ պետութիւններու փորձագէտներուն եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբին գծով»:

Յիշեցնենք, որ կազի գինի գոյացման հարցին իր խօսքին մէջ անդրադարձած էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 20-Ամեակին Առիթով Հաղորդագրութիւն Մը Յղեց Լիբանանեան Մամուլին

Յաջորդը

Լաւրով Եւ Մամետեարով Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հարցը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.