Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կորպաչով Խօսած Է «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Յառաջացած Խոր Ճգնաժամին Մասին

May 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդային Միութեան վերջին ղեկավար Միխայիլ Կորպաչով յայտարարած է, որ աշխարհը այժմ խոր ճգնաժամ կ՛ապրի «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, ատոր համար ալ այսօր շատ մեծ է կրօնական ղեկավարներու դերը, եւ ցանկութիւն կայ յուսալու, որ անոնք պիտի կարենան դրսեւորել այդ պատասխանատուութիւնը` հետեւելով նաեւ Հռոմի նախկին պապ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի օրինակին, որ «կը շարունակէ մնալ մեր ժամանակակիցը»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Կորպաչով այս մասին գրած է «Լ՛Օսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած` Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած իր յօդուածին մէջ: Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը ծնած է 18 մայիս 1920-ին, ան կաթողիկէ եկեղեցւոյ ղեկավարն էր 1978 թուականէն մինչեւ 2005 թուականի իր վախճանման օրը: Յօդուածին մէջ խորհրդային վերջին ղեկավարը կը յիշէ պապին հետ իր զրոյցները եւ կը խորհի աշխարհի վրայ ներկայիս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին:

«Աշխարհը ոչ դիւրին ժամանակներ կ՛ապրի: Ան որեւէ մարդու, մանաւանդ քաղաքական գործիչներուն յատուկ պահանջներ կը ներկայացնէ: Մեծ եւ պատասխանատու է նաեւ կրօնական առաջնորդներուն դերը: Կ՛ուզեմ յուսալ, որ անոնք պիտի կարենան դրսեւորել այդ պատասխանատուութիւնը` հետեւելով Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի ոգեշնչող օրինակին: Ան այսօր ալ կը մնայ մեր ժամանակակիցը», գրած է Կորպաչով:

Ան նաեւ նշած է, որ այսօր աշխարհը սուր ճգնաժամ կ՛ապրի «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով: Կորպաչովի կարծիքով` պետութիւններու քաղաքականութեան մէջ այժմ առաջնային պէտք է ըլլայ մարդու անվտանգութիւնը եւ մոլորակի իւրաքանչիւր բնակիչին համար կեանքի պայմաններ ստեղծելը:

 

Նախորդը

Յունաստան Ստանձնած Է Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահութիւնը

Յաջորդը

Թել Աւիւի Մօտ Իր Բնակարանին Մէջ Յայտնաբերուած Է Չինաստանի Դեսպանին Դիակը

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.