Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Մէկ Ամիսով Երկարաձգեց Արտակարգ Դրութիւնը

May 15, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

14 մայիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 3860-ի` մէկ օրուան ընթացքին աւելնալով 142 պարագայով:

Տիրող իրավիճակի լոյսին տակ եւ նկատի ունենալով վարակուողներու թիւին շարունակական աճը` շուրջ 5 առ հարիւր, կառավարութիւնը իր 14 մայիսի նիստին քննարկեց այս հարցը եւ որոշեց 16 մարտին յայտարարուած եւ մինչեւ 14 մայիս երկարաձգուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը 30 օրով ալ երկարաձգել, այսինքն` մինչեւ 13 յունիս:

Նոյն օրը տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի առողջապահութեան փոխնախարար Լենա Նանուշեան նշեց, որ  վարակակիրներուն մէջ կան 66 անձեր, որոնց վիճակը ծանր է, իսկ 33 ուրիշներու վիճակը` շատ ծանր:

Փոխնախարարը վստահեցուց, որ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքները աւելի մեծ թափով պիտի շարունակուին, մանաւանդ որ օրէ օրէ կը բարձրանայ նոր յայտնաբերուած պարագաներուն թիւը` նշելով, որ նախարարութիւնը պիտի փոխէ ռազմավարութիւնը:

Ըստ Նանուշեանի, մեկուսացման համար նախատեսուած յատուկ վայրերուն, յատկապէս պանդոկներուն մէջ, պիտի տեղակայուին այն հիւանդները, որոնք հիւանդանոցային ոեւէ նշան չունին: Այսպիսով, փորձ պիտի կատարուի խուսափիլ վարակուածները տուն ուղարկելէ, այնքան ատեն որ մահճակալային տեղերը բաւարար են:

Միւս կողմէ որոշուեցաւ, որ 15 մայիսին կը վերսկսին Ռուսիայէն դէպի Հայաստան կանոնաւոր թռիչքները: Այս մասին Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին` պատասխանելով խորհրդարանի փոխնախագահ Վահէ Էնֆիաջեանի հարցումին, ըսաւ փոխվարչապետ, արտակարգ դրութեան իրաւական բաժինի պարէտ Տիգրան Աւինեան: Ան աւելցուց, որ վերադարձողները 14 օր պիտի մեկուսանան:

 

Նախորդը

Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի Կոչին` «Քորոնա» Ժահրէն Փրկուելու Աղօթք Պքերքէի Մէջ. Նախագահ Աուն Լիբանանցիներուն Կոչ Ուղղեց Աղօթելու` Փրկուելու Համար «Քորոնա» Ժահրէն

Յաջորդը

Նիւթերը Պահպանուած Են. Ազգային Գրադարանի Տնօրէնը` Սըրվըրներուն Հետ Կապուած Արկածի Մասին

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.