ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ 11 մայիսին Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութեան կողմէ Լանզարոտի համաձայնագիրի վաւերացման իրողութիւնը:
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «Սեռական շահագործումէ եւ սեռական բնոյթի բռնութիւններէ երեխաներու պաշտպանութեան մասին» Եւրոպական խորհուրդի համաձայնագիրը վաւերացուեցաւ առանց հանրային քննարկումներու, առանց մասնագիտական` մանկավարժական, իրաւաբանական, հոգեբանական հանրային կարծիքն ու մօտեցումները հաշուի առնելու, մինչդեռ անիկա անմիջականօրէն կը վերաբերի հանրային բացառիկ շահերու, կ՛առնչուի ազգային արժէքներու: Համաձայնագիրը ուղղուած է մեր հասարակութեան ապագային` երեխաներուն:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի նաեւ, թէ համաձայնագիրը ինքնին իրաւական փաստաթուղթ է` յանձնառութիւններու եւ պարտաւորութիւններու ստանձնմամբ, որուն պիտի յաջորդեն համապատասխան գործողութիւններ եւ միջոցառումներ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի Մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու գրասենեակը կոչ կ՛ուղղէ` ընդդիմանալու բացասական հետեւանքներու յանգեցնող համաձայնագիրի գործադրութեան ծիրին մէջ բոլոր մակարդակներու վրայ ձեռնարկուող գործողութիւններուն:



