Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չորսօրեայ Ամբողջական Փակումը Սկսաւ Գործադրուիլ

May 14, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը
Կը Հասնի 878-ի, Մահուան Պարագաներունը` 26-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 236-ի

Կառավարութեան որոշումով, երկիրը չորս օրով ամբողջութեամբ փակելու որոշումը արդէն իսկ գործադրութեան մէջ մտաւ` երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին սկսած կրակմարով,

Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի ակներեւ բարձրացումին պատճառով, լիբանանեան պետութիւնը որոշեց փակել երկիրը եւ բազմացնել «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնները` ամբողջ երկրի տարածքին:

Այս իրականութեան լոյսին տակ կրակմարի դրութիւնը պիտի շարունակուի մնալ երեկոյեան ժամը 7:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00, իսկ լիբանանցիներուն կողմէ բնակարանային մեկուսացումը` ի բացառութեամբ անհրաժեշտութեան պարագաներու, պիտի տեւէ մինչեւ երկուշաբթի, 18 մայիս 2020-ի առաւօտ, արգիլելու համար յառաջիկայ օրերուն «Քորոնա» ժահրի արագ տարածումը:

Ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի սահմանումով, երկիրը փակելու որոշումը կը ներառէ սեփական վաճառատուները, շուկաները, առեւտրական ընկերութիւնները, կրթական եւ դրամատնային մարզերը:

Ֆահմի ընդգծեց նաեւ, որ ինքնաշարժի երթեւեկութիւնը պիտի շարունակուի ինքնաշարժներու զոյգ եւ անզոյգ թիւերուն համապատասխանող օրերու դրութեամբ` առաւօտեան ժամը 5:00-էն երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ կիրակի,17 մայիս 2020-ին բոլոր ինքնաշարժներուն, բեռնակառքերուն եւ մոթորսիքլեթներուն երթեւեկը արգիլուած է:

Ան նշեց, որ ամբողջական փակումի որոշումէն բացառուած են պետական հաստատութիւնները, առողջապահական եւ բուժման մարզերը, ինչպէս նաեւ սնունդի, ճարտարարուեստի, վառելանիւթի եւ տեղեկատուութեան մարզերը, ջուրի եւ կազի ընկերութիւնները եւ աղբահանման փոխադրակառքերը:

Ճարտարարուեստի մարզին պարագային փակումէն բացառուած են դեղորայքի ընկերութիւնները, բժշկական իրեր եւ սարքեր, մաքրութեան եւ հականեխումի յատուկ դեղեր եւ նիւթեր արտադրող ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան յատուկ քիմիական նիւթեր պատրաստող ընկերութիւնները` պայմանով որ անոնց աշխատանքը աւարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, եւ աշխատանքի ընթացքին յարգուին «Քորոնա» ժահրի նախազգուշութեան բոլոր պայմանները:

Հանրախանութները, բանջարեղէնի եւ կաթնեղէնի վաճառատուները, մսագործները, հաւեղէն ու ձկնեղէն վաճառողները, պենզինի կայարանները (ինքնաշարժ լուալու ծառայութիւնը արգիլուած է), կազ լեցնող ընկերութիւնները, բժիշկներու գրասենեակները եւ տարրալուծարանները կրնան գործել մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

Փուռերը, հիւանդանոցներն ու դեղարանները շուրջօրեայ դրութեամբ կը գործեն:

Ֆահմի ընդգծեց, որ քաղաքապետութեան ոստիկանները պէտք է հսկեն իրենց շրջաններուն մէջ համախմբումները ցրուելու աշխատանքին:

Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ ընդհանուր զօրաշարժը խախտելու իմաստով տուգանքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 3 միլիոն լ. ոսկիի:

Իրենց կարգին, Ներքին ապահովութեան ուժերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին ինքնաշարժներու երթեւեկին հսկողութեան եւ «Քորոնա» ժահրէն նախազգուշանալու միջոցներուն դիմելու իմաստով աւելի խիստ հսկողութիւն սկսան պարտադրել երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ: Անոնք շեշտեցին, որ այդ համաճարակին դէմ պայքարը բոլորին պատասխանատուութիւնն է:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 878-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 8 նոր պարագաներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 236 ուրիշներ` ապաքինած:

Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու 1413 քննութիւն կատարուած է, եւ ի յայտ եկած է, որ տեղացիներուն մէջ արձանագրուած են 5 վարակուածներ, իսկ Պէյրութ ժամանող արտերկրի լիբանանցիներուն համար կատարուած 12 «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեանց արդիւնքները երէկ արձանագրած են 3 դրական պարագայ:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց Տէյր Քամարի կառավարական հիւանդանոց, որ սարքաւորուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ ընդունելու յատուկ բաժանմունքով:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պատասխանատուներուն, որոնք հիւրընկալեցին զինք` հաստատելով, որ անիկա ցոյց կու տայ Լիբանանի պատմութեան ազգային պատկերներէն մէկը:

Հասան նկատել տուաւ, որ, ինչպէս ամբողջ աշխարհը, նոյնպէս Լիբանան կը դիմագրաւէ «Քորոնա»-ի համաճարակը` հաստատելով, որ այս  ժահրը կը սպառնայ մարդ արարածին առողջութեան եւ ան համայնք, յարանուանութիւն կամ քաղաքականութիւն չի ճանչնար: «Հետեւաբար լիբանանցիներուն կողմէ ցուցաբերուած ազգային միասնականութիւնը` այս համաճարակը թօթափելու առումով բացառիկ էր: Պէտք է նոյն ձեւով շարունակել «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը` նկատի ունենալով լիբանանեան պետութեան սահմանափակ կարողութիւնները», ըսաւ ան:

Հասան հաստատեց, որ Տէյր Քամարի հիւանդանոցը պէտք է բոլորին օժանդակութեամբ կերտուի` աւելցնելով, որ այդ հիւանդանոցի սարքաւորման եւ կառուցման իմաստով իտալական պետութեան կողմէ 11 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան մասին խոստում մը կայ` աւելցնելով, որ իտալական նուիրատուութիւնները ընդհանրապէս արդիւնաբեր կ՛ըլլան:

Հասան ընդգծեց, որ անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւերը հարուած մը հասցուցած են եւ անոնք զգուշացումներ են, թէ Լիբանան կ՛ուղղուի անհատականէն ընկերային տարածումի փուլ հասնելու հաւանականութեան: «Կը մաղթեմ, որ բոլոր անոնք, որոնք վարակուածներու հետ շփումի մէջ եղած են, ներկայանան մեզի եւ առանց ուշացումի կատարեն «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւնը: «Քորոնա» ժահրով վարակուիլը ամօթ չէ», ըսաւ ան` պահանջելով լիբանանեան պետութեան վստահիլ եւ անոր հետ գործակցիլ, որովհետեւ պետութիւնը կը գործէ լիբանանցիներուն եւ Լիբանանին ծառայութեան ի խնդիր:

Ապա Հասան ուղղուեցաւ Ժեզզին, եւ տեղւոյն կառավարական հիւանդանոցին մէջ ստուգեց «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու նպատակով որդեգրուած բոլոր քայլերը:

Նշենք, որ Դրամատուներու միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ դրամատուները յանձնառու կը մնան ներքին գործոց նախարարութեան որոշումին, հետեւաբար չորս օր շարունակ փակ կը պահեն իրենց դռները:

Իր կարգին, զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ զբօսաշրջական բոլոր հաստատութիւնները` ճաշարան, սրճարան, գինետուն, լողաւազան, փակ պիտի մնան, ի բացառութիւն ճաշարաններուն կողմէ ճաշերու տնային առաքումի ծառայութեան, որ կ՛աւարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի որոշումով, այս ուրբաթ օրուան նամազները տեղի չեն ունենար մզկիթներուն մէջ, ի բացառութիւն վաղը` հինգշաբթի, 14 մայիս 2020-ի յետմիջօրէին, «Քորոնա»-ի համաճարակէն բուժուելու համար տեղի ունենալիք հաւաքական աղօթքին, որուն հրաւիրած է Ֆրանչիսկոս պապը:

Միւֆթի Տըրիանի համաձայն, այդ առիթով մզկիթներուն քարոզիչները այս առիթով պիտի կատարեն համապատասխան աղօթք:

Հարկ է աւելցնել, որ ամբողջական փակումի ընթացքին «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի շարունակէ արտերկրի լիբանանցիներուն Պէյրութ փոխադրութիւնը:

 

Նախորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Որոշեց Ապօրինի Անցքերը Փակել Եւ Օրինազանցներուն Վրայ Օրէնքը Գործադրել

Յաջորդը

Գերագոյն Մարմինի Մասնագիտական Ոլորտային Յանձնախումբեր Կը Դատապարտեն Լանզարոտի Համաձայնագիրի Վաւերացումը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.