Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. 6 Մայիսին՝ Արաբ Եւ Հայ Նահատակներուն Հոգիները Շաղկապուեցան

May 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այլ ազգերու քաղաքակրթութեանց, հարստութեանց եւ հողերուն բռնագրաւումով ընդլայնած Օսմանեան կայսրութիւնը համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն իր անկումը կ’ապրէր:

Այդ անկումը հետեւանք էր նախ օսմանեան պետութեան ներկայացուցիչներուն փտածութեան, ապա նաեւ ոչ-թուրք տարրերուն նկտամամբ ցուցաբերուած անվերջ կեղեքումներուն եւ բռնի թրքացման քաղաքականութեան, որուն իբրեւ արդիւնք ժողովուրդները իրենց ազատ ապրելու արդար իրաւունքը կը պահանջէին:

Բռնութիւնն ու սպանդն էր օսմանեան ղեկավարներուն միակ պատասխանը:

Կայսրութեան ենթակայ ժողովուրդները տարիներ շարունակ ականատեսը ըլլալով եւ  ենթարկուելով անմարդկային սոսկալի կեղեքումներու, թալանի ու սրբապղծութիւններու, բարեկարգումի ոչ մէկ յոյս կը փայփայէին այլեւս իրենց պատմական հողերուն վրայ:

Նոյնն էր պարագան արաբական բռնագրաւեալ երկիրներու բնակչութեան: Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութիւնը տուեալ երկիրներու հարստութիւններու թալանին, քաղաքակրթութեան ոչնչացումին եւ ժողովուրդին բռնի թրքացման ուղղութեամբ կ’ընթանար:

Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայութեան ճակատագիրը վճռուած էր օսմանեան դահճապետներուն կողմէ՝ հայ ժողովուրդին տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը:

Արաբական երկիրներու մէջ ալ ծայր առած էր յեղափոխական շարժում մը, ազատագրելու արաբական երկիրները օսմանեան չորսդարեայ բռնապետութենէն եւ վերականգնելու արաբական երկիրներու անկախութիւնը: Արաբական այս զարթօնքը Օսմանեան կայսրութեան պետական այրերը մղեց արիւնարբու գործողութիւններու, մտաւորականներու հալածանքի եւ անխնայ ձերբակալութիւններու:

Այս քաղաքականութեան պատճառով, երկու փուլերով՝ օգոստոս 1915-ին եւ մայիս 1916-ին, կախաղան բարձրացան եւ մահուան դատապարտուեցան ազգային գաղափարախօսութեան ջատագով սուրիացի եւ լիբանանցի արաբ մտաւորականներ, քաղաքական դէմքեր եւ յեղափոխական գործիչներ՝ նախ Լիբանանի «Պըրճ» հրապարակին վրայ, որ հետագային կոչուեցաւ Ազատութեան հրապարակ, ապա Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի «Մարճէ» հրապարակին վրայ:

Օսմանեան կայսրութիւնը թէեւ քայքայուեցաւ, սակայն միջազգային ընտանիքը արդար չգտնուեցաւ դատելու այս կայսրութեան դահճապետները իրենց գործած ոճիրներուն համար եւ նպաստելու ազատագրուող երկիրներու սահմաններուն վերականգնումին:

Ժողովուրդներու պայքարին շնորհիւ միայն կարելի եղաւ փրկել այն ինչ որ փրկուեցաւ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ:

Արաբ եւ հայ ժողովուրդները այդ տարիներուն եւ մինչեւ օրս ապրեցան ու կ’ապրին  իրենց անկախ գոյութեան եւ ազատութեան սպառնացող պետութեան մը հալածանքները:

Նոյն մտայնութեամբ սնանած թուրք քաղաքական գործիչներ, վերջին տասը տարիներուն, մահուան ստուերներ տարածեցին Սուրիոյ մէջ, հրահրեցին եղբայրասպան կռիւներն ու բռնագրաւեցին սուրիական հողեր, տեղահանութեան եւ ջարդի ովասիսին մէջ խեղդելով Սուրիոյ ժողովուրդը: Սուրիահայերը պայքարեցան, զոհուեցան իրենց արաբ հայրենակիցներուն կողքին, այս անգամ Սուրիական Հայրենիքին համար: Տէր Զօրէն մինչեւ Հալէպ հայ եւ արաբ սուրիացիներու արեամբ նոր երկունք ապրեցաւ Սուրիական հայրենիքը:

Նորօսմանեան նոյն մտայնութեամբ տնտեսական պաշարումի ենթարկուած է Հայաստանը, անընդհատ կրակոցներու ենթակայ է Արցախը:

6 մայիսին հայ, սուրիացի եւ լիբանանցի նահատակներուն արեան  կանչը զգաստութեան կը հրաւիրէ ճակատագրակից այս ժողովուրդները՝ չմոռնալու պատմութիւնը եւ միասնաբար մաքառելու յանուն անկախ եւ ինքնիշխան իրենց հայրենիքին  ու ժողովուրդին ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերման:

Սուրիոյ եւ Լիբանանի խորհրդարաններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը այս պատգամը կ’ուրուագծէ, նոյն եաթաղանէն անցած ժողովուրդներուն հանդէպ գործուած անարդարութեան դէմ բողոքին ու արդարութիւնը վերականգնելու այս ժողովուրդներու միասնական ճիգերուն նոր թափ կու տայ:

Յարգանքով ու խոնարհումով կ’ոգեկոչենք 6 մայիսին զոհուած արաբ նահատակներուն յիշատակը:

 

Նախորդը

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Միշտ Ալ Մերն Է Բարձունքը…

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Քորոնա» Ժահրին Ժխտական Եւ Դրական Կողմերը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.