Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Միշտ Ալ Մերն Է Բարձունքը…

May 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բարձունքը մերն է, տղերքը չկան,
Տղերքն աւելի բարձրում մնացին:
Շահեցի՞ր երկիր, թէ՞ կորցրեցիր.
Բարձունքը մերն է, տղերքը չկան․․․»

Խաչիկ Մանուկեան (հայրենի բանաստեղծ)

Այդ օր ․․․ Մայիս 9, 1992-ի առաւօտեան վաղ ժամերուն, Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ զանգերը դեռ չէին  ղօղանջեր, բայց շուտով, շատ շուտով․․․ միայն ժամեր ետք պիտի ղօղանջէին։

Այդ օր այդպէս որոշած էին տղերքը՝ վճռակամ ու խիզախ ազատամարտիկները։ Անոնք որոշած էին շարունակել իրենց յառաջխաղացքը եւ ազատագրել Արցախի սիրտն ու բազկերակը՝ Շուշին։ Ի վերջոյ, անոնց ականջներուն մէջ շարունակ կը հնչէր Հայաստանի Ա․ հանրապետութեան օրերու հերոս, Բաշ Ապարանի պատերազմին մեծ հռչակ սփռած, ապա հայոց բանակը կազմաւորած եւ ռազմական նախարարի պաշտօնը ստանձնած առասպելական Դրոյի (Դրաստամատ Կանայեան) կարճ ու յստակ հաստատումը, որ՝ «Ով տիրում է Շուշին, նա տիրում է ողջ Արցախը»։

Տղերքը քաջատեղեակ էին եւ կը գիտակցէին, թէ կարելի էր անկարելին իրագործել եւ հարսանիք մը տօնել այդ բարձր լեռներու գագաթներուն վրայ, լանջերուն մօտ, թէ խոր կիրճերուն ներքեւ։ Նկատի ունենալով անոնց բերկրանքն ու ծարաւը այդ սուրբ հողին, մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ «Հարսանիք լեռներում»-ը։

Եւ ի՜նչ պսակ, ի՜նչ խնճոյք։ «Պարախումբ»-ով եւ «տաւուլ զուռնա»-ով իրագործուեցաւ այդ հարսանիքը։ Հոն կայք հաստատած ազերիին համար յստակ էր, թէ այդ հողը չէր պատկաներ իրեն։ Նոյնինքն հողն ալ դժգոհ էր եւ անհանգիստ կը զգար տարածաշրջանի մութ հաշիւներու հետեւանք, խորհրդային օրերու անգութ ղեկավարի մը՝ Ստալինի կողմէ յուլիս 7, 1923-ին բռնի կերպով ազերիին յանձնուելուն։ Աւելի՛ն. հող մը, որ այդ թուականէն քանի մը տարի առաջ՝ մարտ 1920-ին, վկայ եղած էր միեւնոյն արիւնարբու ազերիներուն կողմէ հայերու կոտորածին։

Այդ օրուան ․․․ Մայիս 9, 1992-ի սխրանք կերտած հերոսներուն անունները — ցայսօր շնչող թէ առ յաւէտ հեռացած — երկրորդական են։ Հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն ու արեւմուտքէն․․․ Քարին տակէն ու քարին վրայէն կոխկռտելով, անոնք հասան քաղաքը եզերող ամրոցի պատերն ու ելիզավետպոլեան մուտքը, պատմական ձիարշաւարանը, սարաւանդը եզերող ժայռապարը, քարանձաւները, Իսահակի կամ Պեխէ աղբիւրը, Մամռոտ քարը, Հունոտի կիրճը, Մեղրեցոց եկեղեցւոյ խորանը, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ Ժամ) եկեղեցին եւ անշուշտ Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարը, ուր ղօղանչեցին սարդարապատեան մթնոլորտ բուրող «յաղթանակի զանգեր»-ը։

Վայրերուն․․․եւ յատկապէս այդ յիշատակելի օրը պրիսմակի տակ ունենալով վայրին՝ ՇՈՒՇԻ անունն է որ անջնջելի պիտի մնայ։ Քանզի այդ ամրոց քաղաքի ազատագրումը կը խորհրդանշէ ո՛չ միայն հայորդիի մարտունակութեան անպարտելի ուժը, ամրակուռ արժանապատուութիւնն ու անխախտելի կամքը, այլ նաեւ խոր ու անքակտելի հաւատքը` հողին եւ տեսլականին։

Տղերքը բարձունքն ի վեր արշաւեցին։ Բարձունքը մերն է։

Այսպէս կը պոռթկար այդ հողը, ՍՈՒՐԲ ՀՈՂԸ՝ ՇՈՒՇԻՆ։

 

Նախորդը

Անգլիոյ Կառավարութիւնը Արտօնեց Ախոյեանութեան Վերսկսումը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. 6 Մայիսին՝ Արաբ Եւ Հայ Նահատակներուն Հոգիները Շաղկապուեցան

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.