Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 12, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ

ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ
ՊՈԼՍՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

ՆՈՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ
ԻՐ ԱՊԱԳԱՅ ԾՐԱԳԻՐԸ

Ծնունդի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցած են Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն եւ Կեսարիոյ եկեղեցիին մէջ:

Պոլսոյ աթոռանիստ մայր եկեղեցիին մէջ իր անդրանիկ պատարագը մատուցած է նորընտիր պատրիարքը: Բազմահազար ժողովուրդ մօտաւոր եւ հեռաւոր թաղերէ հետեւած է արարողութեանց:

Կէսօրէ վերջ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ներկայ գտնուած են Սուրէն եպս. Քեմհաճեան, վարդապետներ, քահանաներ եւ թաղային ներկայացուցիչներ:

Օրթոտոքսներու Տիեզերական պատրիարք Աթենակորաս իր հետեւորդներով այցելած է պատրիարքարան եւ ընդունուած` պատիւներով: Այցելած են նաեւ հայ կաթողիկէ վիճակաւորը, Մխիթարեան հայրեր, Փորթուգալի հիւպատոսը եւ ուրիշներ:

Աթենակորաս պատրիարք իր շնորհաւորութիւնները ներկայացնելէ վերջ ոգեկոչած է Գարեգին պատրիարք Խաչատուրեանը եւ աղօթած` անոր հոգւոյն համար: Շնորհք պատրիարք պատասխանելով` շնորհակալութիւն յայտնած է:

Համայնքային մարմինները ընդունելով` պատրիարքը ներկայացուցած է իր ծրագիրը եւ գլխաւոր մտահոգութիւնները, որոնք ամփոփած է հետեւեալ կէտերու մէջ:

Առաջին պատրիարքարանը օժտել բնականոն կազմակերպութիւններով եւ վարչական մարմինով:

Երկրորդ` Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ վերցնել միջնակարգի բաժինը եւ ձգել միայն լիսէն եւ ընծայարանը.

Երրորդ` այս տարի տօնել պատրիարքութեան հաստատման 500-ամեակը:

 

ԹԱՆԳԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆՈՐ ՆԻՒԹԵՐ

Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը տէր դարձաւ ծանօթ դերասան Վաղարշ Վաղարշեանի անձնական դիւանին:

3500-է աւելի դիւանը կազմող նիւթերը կը պարունակեն արուեստագէտին նամակները, խաղացած դերերուն մեքենագրուած բնագիրները, յօդուածներ, սղագրութիւններ, ծանուցումներ, գիրքեր եւ այլն: Դիւանին մէջ կան նաեւ 24 թատերախաղեր եւ բեմադրութիւններ, որոնց մէկ մասը` անտիպ: Ձեռագիր, բայց աւարտած վիճակին մէջ կը գտնուին հեղինակին «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ», «Ապտիւլ Համիտ» եւ «Իշխան» թատերախաղերը, ինչպէս նաեւ` «Ընկերներս, բարեկամներս եւ ես» գիրքին առանձին գլուխները:

 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ
ԻՐԱՔԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Իրաքեան բանակի ազգային տօնին առթիւ, պանդոկ «Քարլթոն»-ի մէջ կազմակերպուած մեծ ընդունելութեան մասնաւոր հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ թեմի առաջնորդ սրբազանը եւ ներկայացուց իր եւ Լիբանանի հայ համայնքին ջերմ շնորհաւորութիւնները:

 

ՏԱՍՆՕՐԵԱՅ ՍՈՒԳ
ՄԱԼԽԱՍԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»-ի մէջ, կը կարդանք:

Բազմավաստակ յեղափոխական եւ տաղանդաւոր գրագէտ ընկեր Մալխասի (Արտաշէս Յովսէփեան) մահուան տխուր առիթով Յունաստանի կուսակցական բոլոր մարմիններուն եւ ՀՅԴ Երիտասարդացի խումբերուն համար տասնօրեայ սուգ որոշուած է, այսօրուընէ, հանգուցեալ վեթերան ընկերոջ թաղման օրէն, 9 յունուարէն սկսեալ մինչեւ 18 յունուար: Այս ժամանակամիջոցին պէտք չէ կազմակերպուի որեւէ հանդէս կամ հաւաքոյթ մը, ուր ըլլան երգ, պար եւ այլ զուարճութիւններ:

 

ՀԱՄԱՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Համավասպուրականի հայրենակցական միութեան Լիբանանի Կեդրոնական վարչութիւնը հրատարակութեան համար ղրկած է մեզի հետեւեալը.-

Խորունկ յարգանքով կը խոնարհինք Մալխասի թարմ շիրմին առջեւ: Մալխաս իր երիտասարդական տարիներուն բոլորանուէր նուիրում մը եղաւ Վասպուրականի յեղափոխական գործունէութեան եւ մատենագիրը` անոր մարտնչումներուն:

Համավասպուրական հայրկ. միութիւնը կը վշտակցի անոր ընտանիքին եւ յեղափոխական ընկերներուն:

Վասպուրականի ժողովուրդը Մալխասի թողուցած գրական երկերը եւ անոր յիշատակը անմար պիտի պահէ, լիայոյս որ անոր նշխարները ապագային իրենց յաւիտենական հանգիստը պիտի գտնեն Վարագի արծուեբոյնին մէջ:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՀԻԱ ՌԻԱՏԱ

Յաջորդը

ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ-ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ. ՀԻՒԹԵՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.