Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենեզուելա Քոլոմպիական Երեք Զինուորական Նաւակներ Գրաւած Է

May 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վենեզուելական բանակը յայտնեց, որ գրաւած է քոլոմպիական երեք լքուած զինուորական նաւակներ, որոնք իր զինուորները շաբաթ օր յայտնաբերած են Աուրինոքօ գետին վրայ հսկողութիւն կատարելու ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ Վենեզուելան քանի մը օր առաջ Քոլոմպիան ամբաստանած էր երկիր ներխուժման ձախող փորձի մը աջակցելու յանցանքով:

Քոլոմպիոյ կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ըստ նախնական հետաքննութեան արդիւնքին, ուժեղ հոսանքներ նշեալ նաւակները տարած են սխալ ուղղութեամբ` նշելով, որ Վենեզուելայի հետ բանակցութիւններ կը վարէ անոնց վերատիրանալու համար:

Մինչ այդ, Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց, որ վենեզուելական բանակը պիտի վերադարձնէ նաւակները, եթէ քոլոմպիական կառավարութիւնը անոնց վերատիրանալու պաշտօնական դիմում մը ներկայացնէ:

Ան աւելցուց, որ Վենեզուելան պաշտօնական բողոք պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ին` Քոլոմպիան ու Միացեալ Նահանգները «այդ ձախող ներխուժումին» պատճառով ամբաստանելով միջազգային օրէնքը խախտելու համար:

Յիշեցնենք, որ Վենեզուելայի ներքին գործոց նախարարը 4 մայիսին յայտարարած էր վարձկաններու` Քարաքասի մօտ երկիր ներթափանցումը ձախողութեան մատնելու եւ անոնցմէ ոմանք սպաննելու եւ միւսները ձերբակալելու մասին:

15 անձերու ձերբակալումէն ետք, վենեզուելական ընդհանուր դատախազութիւնը շաբաթ օր վարձկաններուն շարքին ձերբակալուած ամերիկացի զինուորներուն ուղղեց ահաբեկչութեան եւ դաւադրութեան ամբաստանութիւն:

Վենեզուելայի ընդհանուր դատախազը յայտնեց, որ ամբաստանութիւններուն շարքին են ահաբեկչութիւնը, դաւադրութիւնը, պատերազմական զէնքերու առեւտուրը եւ քրէական համաձայնութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին հերքեց իր երկրին «Վենեզուելայի մէջ որեւէ ձախողած գաղտնի սադրանքի մեղսակցութիւնը»` աւելցնելով, որ մարտական որեւէ միջամտութիւն հրամայելու պարագային ատիկա յայտարարուած «ներխուժում մը» պիտի ըլլայ:

Մատուրօ յայտարարեց, որ իր երկրին զինեալ ուժերը երէկ երեք յաւելեալ վարձկաններ ձերբակալած են:

 

 

Նախորդը

Նախագահն Ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Յաղթանակի Զբօսայգիին Մէջ

Յաջորդը

Իրան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Առանց Նախապայմաններու Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանտարկեալներու Փոխանակում Կատարելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շուտով Պիտի Աւարտի»

September 18, 2026
Ըստ «Կարտիըն»-ի.  Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ  Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Կարտիըն»-ի. Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել

September 18, 2026
Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու  Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է
Միջազգային

Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.