Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպան Աթաբէկեան Ծաղկեպսակ Զետեղեց Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Կիսանդրիին Առջեւ

May 9, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուշիի ազատագրութեան եւ արցախեան ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 28-րդ տարելիցին առիթով, ուրբաթ, 8 մայիս 2020-ի` կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ` գնդապետ Ալեքսանտր Մուշեղեանի, այցելեց ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբ եւ դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի եւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի անդամներուն կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի քոյրը` Հուրի Զաքարեան: Դեսպանը այս առիթով ծաղկեպսակ զետեղեց Վիգէն Զաքարեանի կիսանդրիին առջեւ:

Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Վիգէնի հոգին, վստահ, այս պահուն երկնային բարձունքէն  ուրախութեամբ մեզ կը դիտէ, որովհետեւ ան նահատակուեցաւ յստակ գաղափարի համար, նահատակուեցաւ հայրենի հողին վրայ, ազատագրութեան հողին վրայ, կռուի մէջ եւ` հերոսաբար: Վիգէնի եւ անոր նման մեր ժողովուրդի բոլոր նահատակները փառքի եւ պատիւի արժանի են: Ի՛նչ դրօշի տակ ալ իրենց երդումը տուած ըլլան, իրենց գաղափարական թրծումը ստացած ըլլան, մենք կը հաւատանք, որ բոլոր դրօշները ի վերջոյ որոշուած է տեղադրել հայրենիքի մէջ, Եռագոյն դրօշին մօտ, անոր կողքին: Մենք, եւ անշուշտ իր ընտանիքը, հպարտ ենք, որ մեր ամէնէն լաւ տղաքը զոհուած են հայրենիքին համար, մեր դատին համար:  Հպարտ ենք, որ կրցած ենք մեր դաստիարակութեամբ, մեր մեծերու օրինակով, զանոնք մղել, որ բախտաւորները դառնան եւ արժանանան նահատակութեան դափնեպսակին: Մեր կարծիքով, նահատակի կոչումը գերագոյն եւ մեծագոյն շքանշանն է, որ կը տրուի անհատի մը: Միւս բոլոր շքանշանները, թերեւս, իրենց ամբողջական արժէքով հանդերձ, կը տրուին որոշ ժամանակի մը, որոշ նպատակի մը, որոշ գումարի մը, որոշ ծառայութեան մը համար, բայց` կեանքի ծառայութիւնը, նահատակութիւնը, շքանշաններուն շքանշանն է»:

Երեսփոխան Բագրատունի շնորհակալական խօսք ուղղեց դեսպանին` յայտնելով, որ անոր այցելութիւնը, «Նիկոլ Դուման» ակումբ եւ Վիգէն Զաքարեանի յուշաքանդակին առջեւ «Յանուն հայրենիքի» ծաղկեպսակի զետեղումը, կ՛ընդունինք իբրեւ մեր հայրենիքին նկատմամբ մեր ունեցած համեստ ծառայութեան, Վիգէնի, Մհերի, անցեալի եւ ի հարկին ապագայի մեր բոլոր տղոց եւ աղջիկներու տրուած յարգանքի տուրք: Ապա` հրաւիրելով դեսպանը, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ, ան ըսաւ. «Ոչինչ աւելի բարձր է, քան հայրենիքին կողմէ արտասանուած երկու անուշ խօսք»:

Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան նկատել տուաւ, որ «Յանուն հայրենիքի» գրուած է ծաղկեպսակին վրայ, որովհետեւ Վիգէն եւ Մհեր նահատակուած են յանուն հայրենիքի` աւելցնելով, որ մենք բոլորս կ՛անցնինք, բայց կը մնայ միայն հայրենիքը: Ան ըսաւ, որ հայրենիքը վերացական հասկացողութիւն չէ, այլ` մենք ենք, բոլորս միասին, բոլոր այն հայորդիները, որոնք սփիւռքի մէջ փոքրիկ հայրենիքներ ստեղծած են եւ այդ փոքրիկ Հայաստաններու` հայրենիքներուն հաւաքականն է հայրենիքը: «Հայրենիքը այս պահուս կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի երեք սրբազան հատուածները` Արցախը, Հայաստանը եւ հայկական սփիւռքը: Փառք ու պատիւ ձեզի, որ դաստիարակած էք Մհերի, Վիգէնի եւ բազմաթիւ այլ հերոսներու նման սերունդներ, որոնք կազմաւորուած են լիբանանահայ ընտանիքներուն հայաշունչ երդիքին տակ», եզրափակեց դեսպանը:

Նախորդը

Մարաշ Թաղի Կուպրապատման Աշխատանքը Սկսաւ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.