Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ինչո՞ւ Լիբանանահայութիւնը Ամուր Է

May 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ուղիղ պատասխանը՝ քանի որ ունեցած ենք եւ ունինք, ի ծնէ, ներքուստ քաջասիրտ, անվախ ու անձնուրաց անհատներ, որոնք ուղղակի եւ անուղղակի կերպով պահապան հանդիսացած են կարիքաւորին ու գաղութին:

Անուղղակի՞ – 1950-ական տարիներուն, երբեմն ուրբաթ օրուան գրգռիչ քարոզներէն ետք, Պասթա շրջանի մզկիթներէն գաւազան ճօճող խուժաններ կ՛ուղղուէին դէպի Պէյրութի կեդրոնական հրապարակ, ապա դէպի «քրիստոնեայ» Ժըմմէյզի պողոտայ՝ սարսափի մատնելով տեղացիները, որոնք անմիջապէս կը գոցէին վաճառատուներուն դռները, թալանէ զերծ մնալու համար ու կը փախչէին: Սակայն, այս խուժանին դէմ կանգնած են ո՛չ անպայման հուժկու կազմով, հօրս ծանօթ, կտրիճ գէորգներ, կարոներ եւ այլք, որոնք պատահաբար այնտեղ գտնուած են ու, առանձինն դէպի խուժանը յառաջանալով եւ օդը կրակելով, ետ մղած ու ցրուած են խուժանը:

Այս մասին հեռատեսիլէն սփռուած կենսագրական յայտագիրէ մը վկայեց նաեւ օրին «քրիստոնեայ» բեւեռի ղեկավարներէն, փաղանգաւոր կուսակցութեան հիմնադիր Փիեռ Ժեմայէլը, որ Պէյրութի կեդրոնական հրապարակին արեւելեան կողմը դեղարան մը ունէր: Ան ըսաւ, որ ուրբաթ օր մը չէ հասած խանութը փակելու, եւ խուժանին դիմաց իրեն անծանօթ «ապատայյ» կտրիճ հայ մը առանձինն կանգնած է եւ ստոյգ մահէ փրկած զինք:

Անհատապէս, արիասիրտ, առատաձեռն ու արդարամիտ հայուն բնածին մղումը, հոգւոյն պարտքը դարձած է մի՛շտ կամովին տկարին պաշտպանելու, օգնելու վեհանձն ապրելակերպը: Իսկ երբ այս մարդկային տեսակը զինուորագրուած, միաւորուած ու կազմակերպուած է մեր կուսակցութիւններուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն ժրաջան մեքենային մէջ, անպայման կը յաղթահարենք եւ պիտի նուաճենք որեւէ տեսակի տագնապ՝ նուազագոյն վնասով: Առ այժմ, ոեւէ հայ անտէր ու անպաշտպան պիտի չմնայ:

Վարձքը կատա՛ր, նպաստամատոյց կամաւոր բանակին եւ իր լուման ներդրող ունեւոր ու համեստ ազգայիններուն:

6 մայիս 2020

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մօր Խօսքը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ընդունելի Չէ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.