Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ընդունելի Չէ

May 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիբանանի կառավարութեան պատրաստած տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու ծրագիրի քննարկման համար Պաապտայի պալատին մէջ հրաւիրուած խորհրդակցութիւնները մերժողներուն պահուածքը եւ արտայայտութիւնները իսկապէս որ ընդունելի չէ:

Հոկտեմբերէն ի վեր տնտեսական տագնապի բարձրացող վիճակը, ցոյցերու, ընդվզումներու ալիքը եւ «Քորոնա» ժահրին պատճառած արտակարգ իրավիճակը տեսնելով, ինչպէ՞ս կարելի է տակաւին այսպիսի անպատասխանատու պահուածք ունենալ:

Օրական բոլորս ալ կը զգանք ժողովուրդին ցաւերը, հոգերը, ընդվզումը, տագնապը:

Օրական բոլորս ալ կը տեսնենք ժողովուրդին ընկճուած, տխուր եւ մտահոգ դէմքերը:

Օրական բոլորս ալ կը զգանք գալիք օրերու ահաւորութիւնը:

Օրական բոլորս ալ կը տեսնենք փողոցի ընդվզումներու աստիճանական ալիքի բարձրացումը:

Այս բոլորին ի տես ընդունելի չէ, որ Պաապտայի պալատի խորհրդակցական այս հանդիպումին մէկը բացակայի բժիշկէ նախապէս ժամադրութիւն ունենալուն պատճառով, ուրիշ մը «Քորոնա»-ի մեկուսացման մէջ է ըսելով… Իսկապէս ընդունելի չէ, որ ա՛յս մակարդակով ա՛յս պայմաններուն մէջ այսպիսի՛ անլուրջ պատճառներով ներկայ չըլլան:

Կ’ընդգծեմ, որ կրնայ ըլլալ մեծ յոյսեր եւ կախարդական լուծումներ չըլլան:

Բայց ներկայ ըլլալ, դիտողութիւնները արձանագրել, լսել ծրագիրը եւ կեցուածք արձանագրել անհրաժեշտ էր եւ է տակաւին:

Քաջ թող ըլլան իրենց քաղաքական կեցուածքը յայտարարելու եւ բացակայութեան տուն տուող լուրջ պատճառները ըսեն:

Ճիշդ չէ եւ ընդունելի չէ, եւ յետոյ կ’ըսեն ինչո՛ւ ժողովուրդը չի սիրեր քաղաքական անձնաւորութիւնները, անցնող երեսուն տարուան խմբակը:

Այս բոլոր եղածներուն պատասխանատուները բոլորն են միասնաբար եւ բոլորը պարտաւոր են միասնաբար լուծում գտնել: Եթէ այսօր Ազգային ազատ հոսանքի ձեռքն է իշխանութիւնը, նախապէս Մուսթաքպալին էր, անկէ առաջ փաղանգաւորներուն, Լիբանանեան ուժերուն, Ամալին, Հըզպալլային եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան:

Երկրի ամէնէն լուրջ փուլին անլուրջ պահուածքը բոլորը եւ նոյնինքն պետութիւն վարկաբեկող երեւոյթ է:

Ոչ մէկը քաղաքական կէտեր կրնայ շահիլ այլեւս: Բոլորը կորսնցուցած են: Միակ յոյսը տնտեսական համապարփակ ծրագիրի մը որդեգրումն է եւ արիւնահոսութիւնը կեցնելը:

Ընդունելի չէ, ու բոլորը գինը պիտի վճարեն:

Ժողովուրդը արդէն վճարած է իր գինը եւ տակաւին կը վճարէ: Գացէ՛ք տեսէք դրամատուներուն առջեւ շարքերը, գացէք տեսէք հիւանդանոցներու մուտքերու խճողումը:

Գացէ՛ք տեսէք տասնեակ տարիներու աշխատանքի հանգստեան թոշակի արժեզրկման պատճառով ուսուցիչին, պաշտօնեային, բանուորին հոգեվիճակները:

Այս բոլորէն անդին ժպիտ, կատակ, անլուրջ խօսքերը ժողովուրդը կը կատղեցնեն:

Ընդունելի չէ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Ինչո՞ւ Լիբանանահայութիւնը Ամուր Է

Յաջորդը

Մեր Երթը Անշեղ, Հաստատ Եւ Ամուր Է

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.