Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէնի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ՝Նէյմար ամէն գնով պիտի աշխատի մարզիկներու յառաջիկայ փոխանցման ընթացքին, վերադառնալ իր նախկին ակումբին՝ Պարսելոնային:
«El Mundo Deportivo»-ի համաձայն, ան ներկայիս մտադիր չէ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել ֆրանսական ակումբին հետ, որովհետեւ կը սպասէ քաթալոնիական ակումբէն իրեն ներկայանալիք առաջարկին:
28 տարեկան ֆութպոլիստը, նոյնիսկ պատրաստ է Պարսելոնա տեղափոխման դիմաց հրաժարիլ իր աշխատավարձին կէսէն:
Ան օգոստոս 2017-ին, փոխան է 222 միլիոն եւրոյի, Պարսելոնայէն տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմէն:



