
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի յունուարի նստաշրջանին ընթացքին պիտի ընտրուի կազմակերպութեան նոր նախագահ մը, քանի որ կ՛աւարտի գործող նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուի լիազօրութիւններու ժամկէտը:
Վեհաժողովի նոր նախագահի հաւանական թեկնածուն ֆրանսացի Ժան-Քլոտ Մինիոնն է, որուն թեկնածութիւնը առաջադրած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը: Մինիոն վեհաժողովի քաղաքական հարցերու եւ համարկումի յանձնախումբերու անդամ է, վեհաժողովի փոխնախագահ եւ Բիւրոյի անդամ:


