Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի աճի կշռոյթը վերջին օրերուն գրեթէ նոյնն է` 3-5 տոկոսի սահմաններուն մէջ, սակայն որոշակիօրէն կարելի եղած է հարթեցնել աճի կորը, ժամանակ շահիլ եւ վերադասաւորուիլ` հիւանդութեան դէմ պայքարի աւելի կազմակերպուած համակարգ ունենալու համար:
Ան շեշտած է, որ այդ ջանքերը պէտք է շարունակուին, ըլլան հաւաքական, բոլորին կողմէ տարուող` աւելցնելով, որ սահմանափակումներու թուլացման զուգահեռ, մարդիկ պէտք է շարունակեն զգուշաւոր ըլլալ այս առնչութեամբ:
Ապրիլ 28-ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը աւելցած է 59-ով եւ հասած 1867-ի: Ներկայ դրութեամբ առողջացածներուն ընդհանուր թիւը 866 է, փաստացի բուժուողներունը` 971, ընդհանուր քննութիւններունը` 19.296, իսկ մահերունը` 30:



