Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոռացութան Մի Տաք Հայկական Վարժարանը

April 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎԱՆՆԷՍ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Այս օրերու աշխարհը կ՛ապրի վերջին  մի քանի տասնամեակներու ընթացքին իր ունեցած ամենամութ ժամանակաշրջաններէն մին: Ըստ միջազգային կազմակերպու-թեանց, այս տագնապը ամենածանրն է Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր եւ մարդկութիւնը գիտէ թէ այդ պատերազմը որքան աւերիչ եղած է ամէն տեսակէտով:

Մինչ մենք ականատես  կ՛ըլլանք  թէ աշխարհի հսկաները  որքան կը տառապին, մենք ինքնաբերաբար կը մտածենք թէ ինչ աստիճանի դժուար է տնտեսականօրէն տագնա-պող փոքր երկիրներու համար դիմակալել այսպիսի ահազանգային իրավիճակ մը:

Իմ խորհրդածութիւններովս եւ աղօթքներովս բոլոր ազգերուն եւ համայն մարդկային ցեղին, կ՛ուզեմ ուշադրութիւնս կեդրոնացնել Լիբանանի հայ գաղութին վրայ: Գաղութ մը որ կը համարուէր եւ տակաւին  այսօր ալ կը նկատուի սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտը: գաղութ մը որ միշտ ալ  եղած է առաջնային գծի վրայ ի պաշտպանութիւն ըլլայ Հայաստանի կամ՝ Արցախի եւ կամ ըլլայ՝ աշխարհատարած սփիւռքահայութեան: Այլեւ գաղութ մը՝ որ տուած է արժանաւոր անձինք որոնք ամէնուրէք հիմնած են ակումբներ եւ կառուցած են դպրոցներ

Ըլլալով մէկ մասնիկը այս գաղութին, կը հաստատեմ թէ զուգադիպութիւն չէ որ մենք ունինք այսպիսի ազգօգուտ յանձնառութիւն, նուիրում եւ սէր մեր ինքնութեան նկատմամբ: Արդարեւ՝  Մենք ապրած ենք քաղաքներու ամէն մէկ յաջորդ թաղին մէջ կը գտնես եկեղեցի մը, ակումբ մը եւ կամ վարժարան մը որոնց կողքին կայ փոքրիկ խաղավայր մը որ այդքան մօտիկ է մեր տուներուն: Այս եկեղեցիները, ակումբներն ու դպրոցները սորվեցուցին նոյն հիմնական սկզբունքները որոնք էին մեծնալ իբրեւ քրիստոնեայ հայ որ փարած կը մնայ իր ինքնութեան եւ պահանջատիրութեան որեւէ երկինքի տակ որ ալ առաջնորդէ զինք սփիւռքահայու ճակատագիրը:

Դժբախտաբար, զանազան պատճառներու բերումով, որոնց կարգին անցնող 30 տարիներուն Լիբանանի մէջ իրագործուող նիւթական ապօրինի մեքենայութիւնները, հսկայական գումարներու հասնող իւրացումներն ու քանդող կաշառակերու-թիւնը, երկիրը հասցուցին այնտեղ ուր այլոց շարքին վտանգի մէջ է Լիբանանի հայկական գաղութը, որովհետեւ հսկայական ցնցումի ենթարկուած են վերոնշեալ ազգային կառոյցները ըլլան անոնք եկեղեցական թէ կրթական եւ կամ՝ մշակութային, թէ ընկերային ու քաղաքական. եւ այս կառոյցներէն ոչ մէկը կրնայ փոխարինել միւսը այլ անոնք միասնաբար հիմնական դեր ունին հայ հոգին ու սիրտը սնուցանող ու հայու մարմինն ու միտքը զօրացնող իրենց առաքեութեան մէջ:

Մինչ մենք կ՛աշխատինք մարդկային կարիքներու ճակատին վրայ, օգտակար հանդիսանալով կարիքաւոր ընտանիքներուն անդին կան հայորդիներ որոնք վարգոյր-ներու ետին կ՛աշխատին հայ վարժարանը փրկելու համար փակուելու ստոյգ վտանգէն Ազգանուէր եւ յոյժ կարեւոր գործ մը արդարեւ, որովհետեւ հակառակ այն բազմապիսի դժուարութիւններուն զորս կը դիմակալենք, մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք մեր դպրոցները որոնք մեր գործնական նեցուկին պէտքը ունին այսօր որեւէ ատենէ աւելի: Չբաղդատենք մեր դպրոցները կրթական այն հաստատութիւններուն հետ որոնք կը ֆինանսաւորուին միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ եւ կամ ունին եկամուտի այլ աղբիւրներ: Մեր վարժարանները ընդհանրապէս ունին ինքնաֆինան-սաւորի իրավիճակ առաւել անոնց դռները միշտ ալ բաց եղած են այն հայորդիներուն դիմաց որոնք ի վիճակի չեն եղած վճարելու իրենց կրթաթոշակը անոնց ապահովելով անհրաժեշտ կրթական նպաստը:

Արդ, ի սէր ձեր զաւակներուն, ի խնդիր անոնց ապագային ինչպէս նաեւ ի խնդիր հայ համայնքի գոյատեւման եւ հայ ընտանիքի պահպանման՝ ձեր կարելին ըրէք նեցուկ կանգնելու հայ դպրոցին: Ես ծնած ու հասակ առած եմ լիբանանեան պատերազմի տագնապի շրջանին երբ կացութիւնը աւելի վատթար էր քան այսօրուան մեր դիմակալած վիճակը. Կը յիշեմ թէ ինչպէս հայրս մեզի սորվեցուց թէ ուսումը այնքան կարեւոր է որքան հացը եւ թէ ինչպէս ան բացատրեց մեզի որ դպրոցը որքան հիմնական է անձի մը համար որքան անոր տունը, այս բոլորէն հետեւցնելով թէ մեր կարելի պէտք է ընենք կրճատելու մեր առօրեայ ծախսերը որպէս զի կարենանք վճարել մեր նիւթական պարտաւորութիւնները ի խնդիր մեր զաւակներուն զարգացման: Եւ ահաւասիկ այսօր, մենք կը քաղենք մեր ծնողներուն այսօրինակ մօտեցումը հայ դպրոցին երբ անոնք դժուարին օրերուն կրցան զոհել իրենց նախասիրութիւնները պայծառ ապագայ մը ապահովելու համար իրենց զաւակներուն:

Այսօր հայ դպրոցի զանգերը ձեզ կը հրաւիրեն նոր սերունդ ծնողներ, գիտակից բարերարներ եւ ազգանուէր հայորդիներ: Ատենն է ընդառաջելու այդ ազգային ու մարդկային կոչին եւ ձեր լուման բերելու մեր դպրոցներու գոյատեւումը ապահովելու առաքելութեան:

Պէյրութ՝ 17 Ապրիլ, 2020

 

 

 

Նախորդը

Դիւապետի Կռանը

Յաջորդը

Բարենպաստ Մթնոլորտի Ստեղծման Հրամայականը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.