Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լռութիւնը Յանցագործութիւն Նկատելով. Պայտըն Կը Խոստանայ Աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Որդեգրման

April 28, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարութիւն հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով` ակնարկելով, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Այսօր մենք կը յիշենք Մեծ Եղեռնի` Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հայ ժողովուրդի ապրած վայրագութիւնները: 1915¬1923  թուականներուն շուրջ երկու միլիոն հայ տեղահանուած է եւ 1,5 միլիոն տղամարդիկ, կանայք եւ երեխաններ սպաննուած են: Յոյներ, ասորիներ, սուրիացիներ եւ այլ քրիստոնեաներ նոյնպէս յայտնուած են թիրախին մէջ: Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք կամ լուռ մնանք բնաջնջման այս սարսափելի եւ համակարգուած արշաւի մասին: Եւ մենք պէտք է յաւերժ յարգենք հայ ժողովուրդին հաստատակամութիւնը:

«Յատկապէս կարեւոր է ըսել այս բառերը եւ ոգեկոչել պատմութիւնը այն պահուն, երբ ամէն օր մեզ կը յիշեցնեն ճշմարտութեան ուժին, ինչպէս նաեւ ատելութեան դէմ կանգնելու մեր միասնական պատասխանատուութեան մասին, որովհետեւ լռութիւնը յանցակցութիւն է: Եթէ մենք ամբողջովին պիտի ընկալենք, չոգեկոչենք եւ չուսուցանենք երեխաները ցեղասպանութեան մասին, «այլեւս երբե՛ք» բառերը կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը: Փաստերը պէտք է յստակ ու նոյնքան ալ հզօր ըլլան հետագայ սերունդներու համար: Ձախողելով յիշել ցեղասպանութիւնը կամ անոր գործուած ըլլալուն գիտակցութիւնը չունենալով` մենք ուղի կը հարթենք ապագայ զանգուածային վայրագութիւններու համար:

«Ծերակոյտի մէջ աշխատած տարիներուս ես հպարտութեամբ կ՛առաջնորդէի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած ջանքերը: Անցեալ տարի հաւանութիւն տուի Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի մէջ որդեգրման երկկուսակցական օրէնսդրութեան, որով պաշտօնապէս կը ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եթէ ընտրուիմ, կը խոստանամ աջակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի յառաջխաղացման եւ իմ վարչակազմիս համար գլխաւոր առաջնահերթութիւն դարձնել համամարդկային մարդու իրաւունքները: Ես կանգնած եմ բոլոր հայերու եւ ամերիկահայ համայնքի կողքին, որ մեծապէս նպաստած է մեր երկիրին», կ՛ըսուի Պայտընի յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

Ցուցարարները Դարձեալ Կ’ուղղուին Փողոց, Հրկիզուած Անիւներով Կը Փակեն Փողոցները, Եւ Բախումներ Կ’արձանագրուին Անոնց Ու Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ Ցարդ Կատարուած Է 18.547 Քննութիւն

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.