Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան – Գէորգեան Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան նախօրեակին կը յիշենք մեր նահատակները, որոնք ինկան մարդկութեան վկայած ամէնէն քստմնելի ձեւերով` օսմանցի թուրքերուն ձեռամբ: Մեր դատը պիտի յաղթէ, որովհետեւ անոր ետին կանգնած է պայքարող ժողովուրդ մը, որուն յիշողութիւնը կենդանի է: Ժողովուրդ մը, որ անձնատուր ըլլալ չի գիտեր, այլ` կը պաշտպանէ իր իրաւունքները, որոնց դէմ ոտնձգութիւններ կատարուած են: Չի մեռնիր իրաւունք մը, որուն ետին կան պահանջատէրներ»:



