
Ռուսական «Վրեմիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախկին նախագահ Էտուարտ Շեւարտնածէ նախանցեալ օր բացատրած է, թէ ինչո՛ւ ամերիկացիներուն ձեռնտու է, որ իշխանութեան գայ ընդդիմադիր միլիառատէր Պիծինա Իվանիշվիլին:
«Եթէ Վրաստան աւելի տկարանայ եւ նոր տարածքներ կորսնցնէ, իսկ ատոր վտանգը կայ, ապա ատիկա Ռուսիան պիտի ուժեղացնէ, իսկ հզօր Ռուսիան Ամերիկային ձեռնտու չէ», յայտարարած է Շեւարտնածէ:
Ան նշած է, որ «այդ իսկ պատճառով Ամերիկային ձեռնտու է աջակցիլ Վրաստանի մէջ այնպիսի փոփոխութիւններու, որոնք անհրաժեշտ են երկրին կայունութեան համար»:
«Պիծինա Իվանիշվիլի այսօր միակ մարդն է, որ կրնայ ապահովել Վրաստանի մէջ քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւնը», յայտարարած է Վրաստանի նախկին նախագահը:
Վրացական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Վրաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաս պարբերաբար Իվանիշվիլիի հետ դռնփակ հանդիպումներ կ՛ունենայ:


