Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները 21 ապրիլին նկատելով ազրպէյճանական «ORBITER» տիպի անօդաչու թռչող սարքի մուտքը Արցախի օդային տարածք, բերուած են համապատասխան աստիճանի մարտական պատրաստականութեան եւ խոհեմ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք ժամը 13:07-ի շուրջ հարուածած են զայն:



