Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 20 ապրիլին առցանց հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացի վերջին զարգացումները: Արտաքին գործոց նախարար Մնացականեանը անդրադարձած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններուն:
«Կողմերը ընդգծեցին «Քորոնա» ժահրին դէմ համաշխարհային պայքարի ծիրին մէջ զինադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման հրամայականը: Կարծիքներ փոխանակուեցան ստեղծուած պայմաններուն մէջ աշխատանքներու շարունակականութեան ապահովման քայլերու ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ համաձայնութիւն գոյացած է 21 ապրիլին կազմակերպել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու առցանց հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:



