Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

April 21, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի իր կատարած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է շարք մը հարցեր, որոնցմէ առաջինը կառավարութեան աշխատանքն է, որ փաստած է իր յաջողութիւնը` «Քորոնա»-ի համաճարակին դիմակայելու առումով, ինչպէս նաեւ մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ առողջապահական իրավիճակը հակակշիռի տակ պահելու նպատակով:

«Քննարկեցինք նաեւ ելեւմտական-տնտեսական հարցը, ուր յապաղումներ կը նշմարուին` կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին իմաստով: Կը մաղթենք, որ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին կարենայ մեկնարկը կատարել ելեւմտական-տնտեսական բարեկարգումի նոր ծրագիրին, որ ամբողջութեամբ հեռու ըլլայ «հերքաթ»-ի վրայ հիմնուած նախորդ ծրագիրէն:

«Պահանջուածը այնպիսի ծրագիր մըն է, որ կարողութիւն կ’ունենայ պայքարելու փտածութեան դէմ, Լիբանան վերադարձնելու իւրացուած գումարները, ինչպէս նաեւ գործադրելու օրէնքները: Խորհրդարանի նախագահին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան համար կարեւորագոյնը օրէնքներու

գործադրութիւնն է: Կան աւելի քան 50 օրէնքներ, որոնց մէջ առկայ են փտածութեան դէմ պայքարի եւ իւրացուած գումարներու վերադարձի օրէնքներ, որոնք չեն գործադրուած` ոչ նախորդ կառավարութիւններուն, եւ ոչ ալ ներկայ կառավարութեան կողմէ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ քաղաքացիին ապրուստին վերաբերող հարցեր` հաստատելով բոլորին միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, «որովհետեւ քաղաքացիին օրուան հացը սրբութիւն սրբոց է: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, կը շեշտենք, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պէտք է վաւերացնէ ամէնէն աւելի աղքատ ընտանիքներուն տրամադրուելիք օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ պէտք է միջոցառումներ որդեգրէ` բանեցնելու համար կարգ մը գործարաններ եւ օժանդակելու երկրագործներուն», նշեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահը, Հայկական երեսփոխանական պլոքն ու  Դաշնակցութիւնը կը մաղթեն, որ քաղաքական բոլոր ուժերը հեռու կը մնան քաղաքական բանավէճերէն ու ցեխարձակումներէն: «Այսօր աշխատանքի եւ իրերօգնութեան ժամանակն է, հետեւաբար պէտք է քաղաքական բանավէճերէն հեռու մնալ եւ իրարու օժանդակել: Շատ վտանգաւոր կացութեան մէջ կը գտնուինք, ուստի պէտք է զերծ կացուցենք քաղաքական յաւելաբանութիւնները, որովհետեւ բոլորս կը գտնուինք քաղաքական համագործակցութեան հրամայականին դիմաց: Քաղաքական բանավէճը չ’օգներ, այլ վնաս կը հասցնէ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները 21 Ապրիլին Առցանց Հանդիպում Պիտի Ունենան

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Դաւիթ Տօնոյեան Հիւրընկալած Են Արցախի Նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.