Մարաշի Կուպրապատում
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը սկսաւ Մարաշ թաղի կուպրապատման նախապատրաստութեան: Յիշեալ թաղը քարէ սալիկներով ծածկուած էր, սակայն ծանր բեռնակառքերու եւ ջուրի փոխադրութեան կառքերու երթեւեկը քանդած էր սալիկներու մէկ մասը: Այժմ քաղաքապետարանի հանրօգուտ աշխատանքներու բաժանմունքը կը վերցնէ մնացած սալիկները եւ կը պատրաստէ ենթահողը կուպրապատման:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մարաշ թաղի բնակիչներու եւ առեւտրականներու համբերութեան ու հասկացողութեան` ընդգծելով, որ այս աշխատանքները անհրաժեշտ են իրենց եւ շրջանին համար:
Ծառատնկում Աղբերու Թաղման Վայրին Մէջ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը սկսաւ զանազան տեսակի ծառեր ցանել Պուրճ Համուտի աղբերու թաղման վայրին մէջ: Նշեալ վայրի աղբի լերան վերացումէն ետք վայրը դադրած էր աղբ ընդունելէ փետրուար 2018-էն. այնուհետեւ շարունակուեցան վայրի հողածածկումի աշխատանքները: Այժմ զանազան տեսակի ծառերու փորձարկումէն ետք, քաղաքապետարանը պիտի անցնի իրեն վերապահուած տարածքի ծառապատման:
«Փի. Սի. Ար.»-ի Քննութիւն
Առողջապահութեան նախարարութենէն կամաւորներու խմբակ մը` տոքթ. Արզ Զայթըրի գլխաւորութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանեան կարմիր խաչին, ինչպէս նաեւ հովանաւորութեամբ Լեռնալիբանանի բժիշկ տոքթ. Ուիսամ Հապշիի կատարեց «Փի. Սի. Ար.»-ի անվճար քննութիւն Պուրճ Համուտի մէջ:
Քննութիւնները կատարուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան առողջապահական բաժանմունքին մէջ` ներկայութեամբ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ բաժինի պատասխանատու տոքթ. Տիգրան Վարդապետեանի: «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան ենթարկուեցան 39 անձեր, որոնք ընտրուեցան հարեւանցի կերպով այն անձերէն, որոնք իրենց աշխատանքի բերումով կապեր ունին մարդոց հետ: Այս քննութիւնը մաս կը կազմէ առողջապահութեան նախարարութեան նախաձեռնած եւ երեք շաբաթ տեւելիք «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններու շրջագիծին, որուն նպատակն է «Քորոնա»-ի յայտնաբերման համար տարբեր շրջաններու մէջ հարեւանցի քննութիւններ կատարել:
Կատարուած քննութեան արդիւնքները պիտի յստականան 24 ժամէն:





