Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորեց Յարութիւնեանը` Արցախի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով: Ան յաջողութիւն մաղթեց Արցախի նորընտիր նախագահին եւ վստահութիւն յայտնեց, որ ան իր ողջ ուժն ու եռանդը պիտի շարունակէ ծառայեցնել Արցախի անվտանգութեան ու զարգացման ապահովման:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան զարգացման վերաբերող ծրագիրներուն:



