Ազրպէյճանի մէջ վերջին օրուան ընթացքին յուղարկաւորութեան մասնակցելու պատրուակով նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով հաստատուած մեկուսացումի դրութիւնը խախտելու համար բերման ենթարկուած են 56 անձեր: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Ազրպէյճանի մէջ մարդոց տեղաշարժը սահմանափակելու համար իշխանութիւնները հաղորդագրութեան միջոցով աշխատող համակարգ կը կիրարկեն, որ կ’ենթադրէ, որ անձը տունէն դուրս գալէ առաջ պէտք է 8103 թիւին հաղորդագրութիւն ուղարկէ` նշելով, թէ դուրս գալու պատճառը ի՛նչ է:
Երկրի ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով` վերջին մէկ օրուան ընթացքին Պաքուի եւ երկրի այլ շրջաններու մէջ 56 անձեր ոստիկանատուն տարուած են, որովհետեւ ստած են, թէ տունէն դուրս կու գան հարազատի յուղարկաւորութեան մասնակցելու համար:
Ազրպէյճանի քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգիրքի 19-րդ յօդուածին համաձայն, մերձաւոր հարազատներ կը նկատուին անձի մեծ հայրն ու մեծ մայրը, ծնողները, որդեգրող ծնողները, եղբայր-քոյրերը, ամուսինները, երեխաները, որդեգիր երեխաները եւ թոռները: Իրաւախախտներու նկատմամբ 100 մանաթի չափով տուգանք հաստատուած է:



