Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը «Քորոնա» ժահրէն զգուշանալու քայլերը կիրարկելով իր բոլոր նիստերը առկախեց մինչեւ 4 մայիս:
Ներկայացուցիչներու տունը իր որդեգրած որոշումին մէջ նշեց. «Եթէ առկախման ընթացքին կարիք ստեղծուի «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին կամ օրէնսդրական այլ հարցի վերաբերեալ որոշում որդեգրելու համար նիստ գումարելու, ապա պալատը իր անդամներուն հրաւէր պիտի յղէ Ուաշինկթըն վերադառնալու եւ ժողով գումարելու»:



