Միացեալ Նահանգներու եւ Աֆղանիստանի Թալեպան շարժումի ներկայացուցիչները հանդիպած են Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ եւ քննարկած խաղաղութեան համաձայնագիրի գործադրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Քաթարի մէջ Թալեպան շարժումի քաղաքական գրասենեակի բանբեր Սուհէյլ Շահինին:
Շահինի համաձայն, հանդիպումին աֆղանական շարժումին կողմէ մասնակցած են քաղաքական գրասենեակի ներկայացուցիչն ու շարժման գլխաւոր բանագնացը` մուլլա Պարատար Ախունտ, Միացեալ Նահանգներու կողմէ` Աֆղանիստանի հարցերով յատուկ բանագնաց Զալմայ Խալիլզատ, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի զօրքերու ընդհանուր հրամանատար զօր.Սքոթ Միլլըր եւ Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի:
«Անոնք խօսած են համաձայնագիրի լիարժէք գործադրման, ինչպէս նաեւ բանտարկեալներու ազատ արձակման ձգձգումներու մասին: Բացի ատկէ, կողմերը քննարկած են նաեւ համաձայնագիրի խախտումները, այլ խնդիրներն ու անոնց լուծման ուղիները», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Շահին:
Յիշեցնենք, որ փետրուարի վերջաւորութեան Քաթարի մէջ կայացած արարողութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներն ու Թալեպան շարժումը 18 տարիէ ի վեր շարունակուող պատերազմին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով խաղաղութեան համաձայնագիր կնքած են:
Համաձայնագիրը կ’ենթադրէ 14 ամսուան ընթացքին Աֆղանիստանէն օտարերկրեայ զօրքերու հեռացում, իսկ մարտի սկիզբը` բանտարկեալներու ազատ արձակումէն ետք միջաֆղանական երկխօսութեան սկիզբ:
13 ապրիլին Աֆղանիստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճաւիտ Ֆէյսան յայտնած էր, որ իշխանութիւնները բանտերէն ազատ արձակած են 361 թալեպաններ` աւելցնելով, որ ազատ արձակումները պիտի շարունակուին ըստ հրամանի, մինչեւ որ ազատ արձակուին շարժման ձերբակալուած բոլոր` շուրջ 1500 անդամները:
Նախապէս հաղորդուած էր 300 թալեպաններու ազատ արձակման մասին, Թալեպան շարժումը իր կարգին Աֆղանիստանի հարաւային Գանտահար նահանգին մէջ ազատ արձակած էր 20 բանտարկեալներ եւ զանոնք յանձնած Միջազգային կարմիր խաչին:



