Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «հրաշալի» որակած է քարիւղի արդիւնահանման ծաւալներու կրճատման շուրջ «ՕՓԵՔ+»-ի նոր գործարքը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտը շնորհաւորած է «քարիւղային պատերազմ»-ի դադրեցման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելնուն համար` պնդելով, որ այդ քայլը Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթային ոլորտի հարիւր հազարաւոր աշխատատեղեր պիտի փրկէ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս մասին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է. «ՕՓԵՔ+»-ի հետ քարիւղային մեծ գործարք կնքուած է: Ասոր շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ուժանիւթային ոլորտի հարիւր հազարաւոր աշխատատեղեր պիտի փրկուին: Ես պիտի փափաքէի շնորհակալութիւն յայտնել եւ շնորհաւորել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալմանը: Հրաշալի գործարք էր բոլորիս համար», յայտնած է Թրամփ` նշելով, որ եռակողմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ «ՕՓԵՔ+»-ի երկիրները 12 ապրիլին կայացած արտակարգ ժողովի ընթացքին համաձայնած են մայիս-յունիս ամիսներուն քարիւղի արդիւնահանման ծաւալները կրճատել օրական 9,7 միլիոն տակառով:
Փութին, Թրամփ եւ Սալման թագաւորը կիրակի օր ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին աջակցութիւն յայտնած են «ՕՓԵՔ+»-ի` քարիւղի արդիւնահանման փուլային կրճատման վերաբերեալ համաձայնագիրին:



