Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր, Միշել Մուսա, Ալեն Աուն եւ Մարուան Համատէ, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր եւ խորհրդարանի ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա:
Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ դիւանը քննարկած է կառավարութեան կողմէ իրեն յղուած օրինագիծերը, ինչպէս նաեւ կրկնակ աճապարուած օրինագիծերը, որոնք կուտակուած են:
Ֆըրզլի նշեց, որ դիւանը կազմած է օրակարգը խորհրդարանի յաջորդ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ստացուած օրինագիծերը:
Ան նկատել տուաւ, որ խորհրդարանի նախագահը խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի պիտի հրաւիրէ նախքան ռամատանի սկսիլը:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի: Քննարկուեցան ելեւմտական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան կոչ ուղղած է գուժելու «Հերքաթ»-ը, ինչպէս որ նախապէս գուժած են «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ը, եւ անոր համար հոգեհանգստեան արարողութիւն մատուցելու:
Պըրրի շեշտեց, որ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը տակաւին կարելի է փրկել, հակառակ անոր որ անիկա դիւրին չէ, «միաժամանակ անկարելի ալ չէ», հաստատեց ան:
Պըրրի հաստատեց ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումներու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս փտածութեան եւ մսխումին դէմ պայքարով: Ան ընդգծեց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու գումարներուն ոչ ոք իրաւունք ունի դպչելու, որովհետեւ անոնք սրբութիւն սրբոց կը նկատուին:
Անդրադառնալով բարեկարգումի գործադրութեան արձանագրած յապաղումին` Պըրրի նկատել տուաւ, որ անոր հիմնական պատճառը օրէնքները չգործադրելն է` աւելցնելով, որ կան 54 օրէնքներ, որոնք ցարդ չեն գործադրուած:
Պըրրի հաստատեց, որ տնտեսական փրկութեան ծրագիրը, որ կը քննարկուի, կառավարութեան ծրագիրն է եւ ոչ թէ ելեւմուտքի նախարարին առաջարկը: Ան ընդգծեց, որ Ուազնի «Հերքաթ»-ին մասին ոչինչ ըսած է:
Լիբանանի տրամադրուելիք արտաքին օժանդակութիւններուն մասին Պըրրի նշեց, որ պահանջուածը այն է, որ ներքին մակարդակի վրայ առնուին քայլեր, որոնք արտաքին աշխարհին համոզիչ կը թուին, այլապէս` օժանդակութիւնները գրեթէ անկարելի պիտի ըլլան:
Վարչապետ Հասսան Տիապի հետ իր յարաբերութեան մասին խօսելով Պըրրի յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները հին են` այն օրերէն, երբ Հասսան Տիապ կրթութեան նախարար նշանակուած էր: «Այդ յարաբերութիւնները շատ լաւ են եւ շատ հեզասահ, ինչպէս որ է պարագան նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ յարաբերութիւններուն», ըսաւ Պըրրի:
Պըրրի ընդգծեց, որ օրէնսդրական իշխանութիւնը վճիռներ արձակելու իշխանութիւն չէ, այլ քննելու եւ հաշուետուութեան կանչելու իշխանութիւն: Ան հաստատեց, որ օրէնքի գործադրութեան ընդմէջէն իւրացուած գումարները պէտք է վերադառնան Լիբանան: «17 հոկտեմբերէն առաջ եւ անկէ ետք իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարները պէտք է վերադարձուին լիբանանեան պետութեան», եզրափակեց ան:



