Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան «ՔՈՎԻՏ-19»-ի հարցով յատուկ համակարգող Տէյվիտ Նապարօ զգուշացուց, որ ժահրը անպայման կրիփին նման ալիք առ ալիք պիտի չտարածուի: Բժիշկը յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրը «տակաւին երկար ժամանակ կրնայ հետապնդել մարդկութիւնը», որովհետեւ տակաւին պատուաստանիւթ չէ ստեղծուած:
Մեկնաբանելով իր տեսակէտը` ան նշեց, որ կրնան փոքր համաճարակներ բռնկիլ «ինքնաբերաբար», այդ իսկ պատճառով կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր համայնք «պաշտպանիչ վահան» ունենայ` մեկուսացնելու համար վարակակիրները եւ կանխելու աւելի մեծ համաճարակի բռնկումը: Նապարոյի համաձայն` թէեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման թիւերու տատանումներ կ’արձանագրուին, բայց եւ այնպէս Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը «տակաւին բարձր պատրաստուածութեան մէջ կը գտնուի եւ շատ մտահոգուած է», յատկապէս այն երկիրներով, որոնք առողջապահական տկար համակարգ ունին:
Մասնագէտը շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած տագնապը համաշխարհային բնոյթ կը կրէ եւ կոչ ուղղեց համաշխարհային ղեկավարներուն` առաւել մեծ համագործակցութիւն ծաւալելու:
Էքուատորի նախագահ Լենին Մորենոն յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ կրկնակի պիտի կրճատուին Էքուատորի իշխանութեան եւ պաշտօնատարներու աշխատավարձերը: «Ես որոշած եմ 50 առ հարիւրով կրճատել նախագահի, փոխնախագահի, նախարարներու եւ փոխնախարարներու աշխատավարձերը: Ատիկա նաեւ կը վերաբերի պաշտօնեաներուն եւ խորհրդարանականներուն», յայտարարեց Մորենօ: Նշենք, որ Էքուատորի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 7466 է, իսկ մահացածներունը` 333:
Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 2537 անձեր վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով` ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 123.016-ի: Նոյն ընթացքին մահացան 126 անձեր, որոնց ընդհանուր թիւը հասաւ 2799-ի: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 1514 անձեր մահացան:
Չինաստանի մէջ արտասահմանէն վերադարձած չիներու մօտ վարակման 108 նոր պարագաներ արձանագրուեցան: Երկրին մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 82.160-ի, իսկ 2 յաւելեալ մահերով մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 3341-ի:
Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 2558 անձեր վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով, եւ ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 18.328-ի: Նոյն ընթացքին 18 յաւելեալ մահեր արձանագրուեցան, եւ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 148-ի: Օմանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 128 անձեր վարակուեցան, ընդհանուր թիւը հասցնելով 727-ի, իսկ երկրին մէջ մահացածներուն թիւը 4 է: Մարոքի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 116 անձեր վարակուեցան` ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 1661-ի: Նոյն ընթացքին երկրին մէջ արձանագրուեցան 7 մահեր, որոնց ընդհանուր թիւը հասաւ 118-ի: Քուէյթի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 66 յաւելեալ անձեր վարակուեցան, ընդհանուր` 1300, իսկ մահացածներուն թիւը 2 է: Բրիտանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 667 անձեր մահացած են, ընդհանուր մահերը հասցնելով 10.261¬ի:
Վրաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 266-ի, իսկ մահացածներունը` 3-ի: Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը 73.303 է, իսկ մահացածներունը` 4584: Ֆիլիփինի մէջ վարակուածներուն թիւը 4932 է, իսկ մահացածներունը` 315:
ԱՖՓ հաղորդեց, որ աշխարհի տարածքին ժահրով վարակուածներուն թիւը մէկ միլիոն 820 հազար է, իսկ վարակուածներունը` առնուազն 112.510 հազար է:



