Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չէ բացառած Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան խթանման ծիրին մէջ ամերիկացի հարկատուներուն կրկնակի վճարում կատարելու կարելիութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը:
«Մենք միանգամայն կրնանք ընել ուղղակի վճարումներու երկրորդ փուլը: Այս հարցը լրջօրէն կը քննարկուի», լրագրողներու հարցումին պատասխանելով ըսած է Թրամփ:
Ամերիկացի հարկատուներուն մեծ մասը ապրիլին պիտի ստանայ 1200¬ական տոլար` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ որդեգրուած տնտեսութեան խթանման ուղղուած երկու եռիլիոն տոլար արժողութեամբ թղթածրարի ծիրին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը մարտին «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ որդեգրած էր տնտեսութիւնը խթանելու համար երկու եռիլիոն տոլար յատկացնելու մասին օրինագիծ մը:
Օրինագիծը կը ներառէ 350 միլիառ տոլար` փոքր ձեռնարկութիւններուն աջակցելու համար, 250 միլիառ տոլար` գործազրկութեան ընդլայնուած ապահովագրութեան համար, 46 միլիառ տոլար` ժահրին դէմ անմիջական պայքարի համար:
Յաւելեալ 500 միլիառ տոլար պիտի յատկացուի ձեռնարկութիւններու, նահանգներու եւ քաղաքներու աջակցութեան կայունացման հիմնադրամի ձեւաւորման:
Օրինագիծը նաեւ կը նախատեսէ տարեկան մինչեւ 75 հազար տոլար եկամուտ ունեցող միլիոնաւոր ամերիկացի հարկատուներու հաւասար վճարումներ` 1200 տոլար մէկ չափահասի համար եւ 500-ական տոլար իւրաքանչիւր երեխայի համար:



