Երկուշաբթի, 6 ապրիլ 2020-ին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան այցելեց ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմէնճեան» խոհանոց, ուր լօխ-ականներ տարեցներու ճաշի պատրաստութեան աշխատանքը կը կատարէին:
Այցելութեան ընթացքին երեսփոխան Թերզեան դրուատեց «Քորոնա» ժահրի տարածման այս տագնապալի օրերուն խաչուհիներու կատարած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին:
Դիմտատետրի էջին վրայ կատարած գրառումով մը երեսփոխան Յակոբ Թերզեան նշեց. «Շնորհակալութիւնը յայտնելը մեր նուզազագոյն պարտականութիւնն է ԼՕԽ-ին հանդէպ, որ 1930-էն, իր հիմնադրութենէն ի վեր եղած է հոգատար սիրտ ու ապաստանարան եւ երբեք չէ փակած իր դռները` առանց նախապայմանի ընդառաջելով բոլոր իրեն դիմողներուն անխտիր»:



