Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔՆՆԱԴԱՏԵԼՈՎ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ` «ՈԵՒԷ ՄԷԿԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻ ԱԼՃԵՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ԹԱՓԱԾ ԱՐԵԱՆ ՀԱՇՈՒՈՅՆ ԻՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐԸ ՅԱՌԱՋ ՄՂԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼՃԵՐԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

January 10, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմետ Ույահիա

Ալճերիոյ վարչապետ Ահմետ Ույահիա Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կոչ ուղղեց այլեւս չշահարկելու Ալճերիոյ մէջ ֆրանսական գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին (1830-1962) ալճերիացիներու սպանութեան հարցը:

Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Էրտողան Ֆրանսան ամբաստանեց ալճերիացիներուն դէմ ցեղասպանութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով:

«Միտըլ Իսթ Օնլայն» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ալճերիոյ վարչապետը նշած է, որ իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի իր շահերը պաշտպանելու, սակայն «ոեւէ մէկը իրաւունք չունի ալճերիացիներու թափած արեան հաշուոյն իր սեփական գործերը յառաջ մղելու»:

Վարչապետը ընդգծած է, որ Ալճերիոյ մէջ պատերազմի ժամանակ Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի անդամ էր եւ իբրեւ այդպիսին Ֆրանսային նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերած է:

Ալճերիոյ վարչապետը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է. «Մենք մեր թուրք ընկերներուն կ՛ըսենք` դադրեցուցէ՛ք քաղաքական նպատակներով գաղութատիրութեան հարցը շահարկել»:

Լիբանանեան «Լեպանոն Նաու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ալճերիոյ վարչապետին վերոնշեալ յայտարարութենէն ետք, Ալճերիոյ իսլամական Յանուն խաղաղութեան ընկերութեան շարժում կուսակցութեան ղեկավար Պուկերա Սոլթանի փութացած է Էրտողանի պաշտպանութեան` յայտնելով, որ «մենք չենք ընդունիր, որ ոեւէ մէկը ըսէ, որ Էրտողան ալճերիացիներու արիւնը կը շահարկէ: Մենք պատմական դատ մը ունինք»: Ան աւելցուց, որ «երբ մէկը քու դատիդ մասին կը խօսի, զինք քննադատելու փոխարէն պէտք է շնորհակալութիւն յայտնես»:

Սոլթանի յայտնեց, որ Էրտողան Ալճերիայէն ոչինչ ուզած է, «ան պարզապէս Ֆրանսային ըսաւ. «Կ՛ըսէք, թէ Թուրքիա 1915-ին հայերը բնաջնջեցին, ձեզի կը յիշեցնեմ, որ դուք ալճերիացիները բնաջնջեցիք»:

Իսլամական կուսակցութեան ղեկավարը Ալճերիոյ վարչապետին յայտարարութիւնը նկատեց «Ֆրանսայի մատուցուած ծառայութիւն մը»:

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԽՈՋԱԼՈՒԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԷՆՔ ՈՐԴԵԳՐԵԼՈՒ

Յաջորդը

ՕՀԱՆԵԱՆ. «ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄԸ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒ 2012-Ի ԳԵՐԱԿԱՅ ԽՆԴԻՐՆԵՐԷՆ Է»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.