Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ինչ Ալ Ըլլայ, Միասին Ենք Եւ Պիտի Յաղթենք» Խորագիրով Նախաձեռնութիւն Ֆանարի Մէջ

March 30, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ինչ ալ ըլլայ, միասին ենք եւ պիտի յաղթենք» կարգախօսով եւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած ճգնաժամային վիճակներուն մէջ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն, կիրակի, 29 մարտ 2020-ին, Ֆանարի Լէյլաւանի շրջափակին մէջ կազմակերպեց «Տունը մնացէ՛ք եւ պատշգամներէն հետեւեցէ՛ք»  հաւաքը, որուն նպատակն էր շրջանին մէջ ստեղծել խանդավառ մթնոլորտ եւ ցոյց տալ, որ հայորդիները առանձին չեն:

Այս առիթով Լէյլաւանի շրջապատը զարդարուած էր լիբանանեան դրօշներով եւ ՀՅԴ-ի զինանշաններով: Կէսօրէ ետք ժամը 12:30-ին սկիզբ առաւ հաւաքը Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի աղօթքով:

Ապա ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի հերթապահ Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, որ քորոնաները կու գան եւ վստահ պիտի երթան, բայց կուսակցութիւն-ժողովուրդ կապը ամուր կը մնայ: Ան ըսաւ, որ այսօր հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութիւններուն առկայութեան, ակումբը միշտ ալ ժողովուրդին կողքին է, ակումբի դռները միշտ բաց են բոլորին դիմաց, եւ մեր տղաքը ներկայ ու պատրաստ են ծառայելու բոլորին: Տէմիրճեան ըսաւ, որ ծառայութեան դիմաց հայորդիները պէտք չէ խնդրեն, այլ պահանջեն, որովհետեւ մենք ներկայ ենք բոլոր պայմաններուն մէջ ծառայելու մեր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ:

Այս առիթով շրջան այցելեց եւ ժողովուրդին իր խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ըսաւ, թէ տարբեր է Լէյլաւանի կառոյցը` քով-քովի, ուր իւրաքանչիւր տան ուրախութիւնը միւս տուներու ալ ուրախութիւնն է: Ան շեշտեց, որ դժուար են օրերը, մանաւանդ որ բոլորս այս անյայտ թշնամիին դէմ սովորական միջոցներով չենք կրնար կռուիլ, ուրեմն այս համաճարակին դէմ իւրաքանչիւրս իր կեցուածքով, իր համոզումով կը կռուի` ինքնազսպումով, տան մէջ մնալով, շրջապատը մնայուն կերպով հականեխելով, որպէսզի այս անյայտ թշնամին մուտք չգործէ մեր շրջանակներուն մէջ:

Բագրատունի հաստատեց. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը մեզի համար մեծ արժէք է, այսօր ո՛չ հերոսութիւն պէտք է, ո՛չ մեծամտութիւն: Այս ալ կ’անցնի, պայմանաւ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձին, իր ընտանիքի անդամներուն նկատմամբ պատասխանատու կեցուածք ցուցաբերէ, հետեւի խորհուրդներուն եւ թելադրութիւններուն»:

Ան կոչ ուղղեց. «Դուք տո՛ւնը մնացէք, եւ մեր տղաքը անհրաժեշտ միջոցներով ձեզի կը հասնին: Մենք ոսկիի հանքեր չունինք, այլ մեր հարստութիւնը մեր ժողովուրդն է: Բաժնուեցան 3000 հականեխիչ դեղեր, յառաջիկային պիտի բաժնուի 1500 չափաբաժին եւս: Կարիքաւոր ընտանիքներուն պիտի տրուին նաեւ ուտեստեղէնի 2000 կտրօններ: Պէտք է ի մտի ունենալ իրականութիւն մը, որ կան կարիքաւորներ եւ` շատ կարիքաւորներ: Հիմա է ճիշդ պահը իրարու օգնելու, որպէսզի բոլորս կարենանք ապրիլ: Բոլորս իրարու ձեռք պիտի տանք, մեր մեծահարուստները, նիւթապէս աւելի բարեկեցիկ եղողները հիմա՛ է, որ պէտք է օգնութեան հասնին այս պայմաններուն մէջ անգործ վիճակի մէջ յայտնուածներուն, տնտեսական եւ ընկերային շատ ծանր վիճակի մէջ եղողներուն»:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Բագրատունի պատշգամներէն հետեւողներուն կոչ ուղղեց տունը մնալու, շատ անհրաժեշտութեան պարագային միայն հոնկէ դուրս գալու, որպէսզի ըլլան առողջ եւ հանգիստ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած կարճ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը կազմած է «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը` նախաձեռնելով լիբանանահայոց օժանդակութեան: «Եւ մեր սահմանափակ կարողութիւնները նկատի ունենալով, մենք միայն լիբանանահայոց կ’օժանդակենք», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ շտապը կոչ ուղղած է բոլորին մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ եւ յանձնառու մնալու պետութեան ցուցմունքներուն` խոստանալով հասնիլ բոլորին: «Տղաքը ամենայն հանդարտութեամբ կ’աշխատին: Անոնք պէտք եղած բոլոր միջոցները կ’որդեգրեն` հասնելու համար մեր ժողովուրդին կարիքներուն: «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը արդէն իսկ 3000 ընտանիքի հականեխիչ նիւթեր պարունակող տրցակներ ցրուած է: Աւելի ուշ պիտի բաժնենք նաեւ կտրօններ, որոնցմով ընտանիքները պիտի կարենան սննդամթերք ապահովել` ճշդուած կեդրոններէ, եւ այնպիսի ձեւով, որ եռուզեռ չստեղծուի: Շտապին կողմէ նաեւ առաջադրուած է դեղորայք ապահովելու նախաձեռնութիւն մը: Ամէն ջանք ի գործ կը դնենք, որ մարդիկ իրենց բնակարաններուն մէջ մնան», շեշտեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ խորհուրդ կու տայ Թրիփոլիի երեսփոխաններուն, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս փուլին ընթացքին կարեւորը այն է, որ քաղաքացիները մնան ապահով եւ անոնց կարիքները կարելի ըլլայ հոգալ: «Կարեւոր չէ, թէ ո՛վ կը նախաձեռնէ աշխատանքը: Կարեւորը ժողովուրդին հասնիլն է: Հայկական երեք կուսակցութիւններն ու երեք յարանուանութիւնները այդ նպատակով կը գործեն», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:

Ապա լիբանանահայ երգիչներ Վիգէն Տիշչէքէնեան եւ Վարդան Տէր Սարգիսեան Լէյլաւանի թաղամասերը շրջագայելով երգեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Պատշգամներէն հայորդիները երգով եւ դրօշներ ծածանելով բերին իրենց մասնակցութիւնը` հաւաքական յոյս ներշնչելով բոլորին, թէ լիբանանահայութիւնը  այս փուլն ալ պիտի յաղթահարէ:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով Օրհնուեցաւ Համայն Հայութիւնը` Անթիլիասի Մայրավանքէն

Յաջորդը

Ֆրանսայի Մէջ «Քորոնա» Ժահրէն Մահացաւ Փաթրիք Տեվեճեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.