Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի «Քրիստափոր» Գրադարանի 100-ամեակին Առիթով

March 27, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՇԱԿԻ ՏԱՆԱԿԷՕԶԵԱՆ

Սիրտս պարուրող այս հարիւրամեակը ետ կը տանի  զիս  յիսուն  տարուան շրջան մը վերյիշելու:

1968-69-ին  ամառնային երեկոյ մը առաջին անգամ ըլլալով մտայ «Քրիստափոր» գրադարան, հօրս՝ Արշակին ձեռքը բռնած, որ օրին գրադարանին դասաւորումը ստանձնած էր:
Դրան վերը ցուցատախտակին՝ գրադարան, ներսը պահարաններուն ամրացուած խաւաքարտի շերտերուն վրայ իմաստուն խօսքեր, որոնցմէ կը յիշեմ «ծանիր զքեզ»ը, պատերուն՝ քանի մը նկար, անոնցմէ մէկը մեզի ծանօթ Սայեաթ Նովան իր քամանչայով, պահարանները գիրք եւ սեղաններուն վրայ մեծ չափի տետրակներ՝ գիրքերու ցանկերն էին: Անոնց ետեւը երկու հոգի կ’ըլլար ընդհանրապէս, մէկը՝ սպասման վիճակի մէջ, միւսն ալ ընթերցողի մը հետ զբաղած: Այս ամէնուն հետ գիրքերուն հոտը ինծի անծանօթ կը թուէր տակաւին: Օրին հազիւ տասը տարեկան տղեկ մըն էի, Քրիստափոր Միքայէլեան անունն իսկ տակաւին անծանօթ էր ինծի: Բայց յաջորդ տարիներուն պարզուեցաւ, որ գրադարան մտնելուս հետ «Քրիստափոր» գրադարանն ալ մէջս մտած է:
Քանի մը տարի փակ մնալէ ու փոշիներու տակ մոռցուելէ ետք, գրադարանը անգամ մը եւս յանձնուեցաւ հօրս՝ Հոկտեմբեր 1973-ին:
Որպէս պատանի, գրեթէ ամէն օր ակումբն էի, երբ վերաբացման կազմակերպչական աշխատանքները սկսան, ի միջի այլոց՝  նորոգութիւն,  գրքերու դասաւորում, ցանկագրում եւ այլն: Կը հետեւէի հօրս եւ պրն. Խաչիկ Սարգիսեանին, ու երբ հայրս նոյնիսկ աննշան պարտականութիւն մը տար՝ արդէն առանձնաշնորհեալ կը համարէի ինքզինքս:
1978-ին, ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալէս ետք միայն առիթը ունեցայ աշխատելու որպէս գրապահներէն մէկը, այս պաշտօնին անցնելով աստիճանաբար: Երկսեռ, երիտասարդ ընկերներ-ընկերուհիներու եռուզեռ մը կար հոն, բայց ես կրցայ սպրդելով տեղ գտնել «Քրիստափոր» գրադարանի   աշխատակազմին մէջ:
1989-ի Նոյեմբերին, 2-3 անձրեւոտ երեկոներու ընթացքին, տղոց օժանդակութեամբ գրադարանը փոխադրուեցաւ ԱՄԺ Տուն: Պարագաները փոխուած էին, գրադարանը այլեւս գործավար ունէր գրապահներու փոխարէն, ինքզինքս գտայ գրադարանի յանձնախումբին մէջ նախ որպէս անդամ եւ ապա որպէս պատասխանատու՝ 1990-էն մինչեւ 2001 կամ 2002, շարունակելով  իւրաքանչիւր գիրքի հետ ապրում եւ իրականացուած ձեռնարկի հետ յաղթանակ տանողի զգացումով սնանիլ: Նոյն ապրումները կ’ոգեւորեն զիս մինչեւ օրս:
100-ամեակի առիթով խոստովանեցայ իմ ոչ-ծածուկ սիրոյս մասին, որ «Քրիստափոր» գրադարանն է, աւելին՝  հպարտ եմ որ ծառայած եմ հոն:
Երկու տարիէ ի վեր ցաւով հեռացած եմ Հալէպէն, սակայն բաժնուած չեմ զգար կեանքիս մէջ կարեւոր տեղ գրաւած այս մասնիկէն:
«Քրիստափոր»ը, ուր նուիրումով աշխատանքը անպակաս եղած է հոն, իր պատմական հանգամանքով արժանի է մեր սիրոյն եւ հոգատարութեան:
Սրտիս խօսքը տասնամեակներու վրայ տարածուած աշխատանքովս կրնամ մասամբ ըսուած համարել, շնորհակալ ըլլալով  նաեւ որ այսօր առիթը ունեցայ արտայայտուելու անգամ մը եւս, բարի երթ մաղթելու մեր իրականութեան մէջ անզուգական «Քրիստափոր» գրադարանին: Աննկուն կամք ու յարատեւութիւն կը մաղթեմ անոր վարչական ընկերներուն եւ հովանաւոր մարմինին:
Նախորդը

Նշմար. Պսակաձեւին Դէմ Ի՞նչ Կը Սպասուի Պետական Մարդէն Եւ Մամուլէն

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 14 – Բարե՛ւ, Ընկեր» Հատորը

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.